ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Քլոէ Քարտաշեան Ինսթակրամի իր էջին վրայ Մայր Հայաստանի արձանին առջեւ նկարուած նկարը տեղադրելով գրած է հետեւեալը. «Այսօր Երեւանի մէջ այցելեցինք Մայր Հայաստանի յուշարձան: Մայր Հայաստանի արձանը կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն՝ ուժի միջոցով: Ես կրնամ էջս այցելողներուն յիշեցնել հայոց պատմութեան մէջ առկայ նշանաւոր կին գործիչներու մասին, որոնք զէնք վերցուցած են՝ օգնելու իրենց ամուսիններուն թրքական զօրքերու եւ քիւրտ հրոսակներու դէմ պայքարելու: Ես կին եմ, լսեցէք իմ ճիչս: Օրհնուած եմ՝ հոս ըլլալով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.