ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
1966-1974 տարիներուն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Այնճարի Յառաջ վարժարանը՝ դասաւանդելով հայոց լեզու, Հայոց պատմութիւն եւ գրականութիւն: Իր աշակերտները տակաւին իր մասին գովասանքով կ՛արտայատուին որպէս լաւագոյն ուսուցչուհի եւ սքանչելի անձ: Այդ ուսուցչական տարիներուն ծանօթացած է ամուսնոյն, Յակոբ Փանոսեանին հետ եւ 1975 Օգոստոս 31ին ամուսնացած են Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Անմիջապէս ճամբորդած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ իր ամուսնոյն հետ հաստատուած Լոս Անճելըս: Յաճախած եւ պատուագրով աւարտած է Սանթայ Մոնիքայի Քոլէճը եւ ապա UCLA համալսարանէն ստացած Պսակաւոր արուեստից, մասնագիտանալով պատմութեան բնագաւառին մէջ: Աշակերտած է փրոֆ. Աւետիս Սանճեանին եւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին, որոնց համար եղած է սիրելի աշակերտուհի եւ մեծապէս գնահատուած ու պարգեւատրուած է իր բացառիկ հայագիտական հմտութեան շնորհիւ: Մագիստրոս Արուեստից վկայականի գրեթէ բոլոր դասերը աւարտած է, եւ սակայն իր առաջին զաւկին՝ Լորիկի ծննդեան պատճառով, ստիպուած յետաձգած է ուսումը եւ նուիրուած իր մայրական պարտականութեան: Եղած է սքանչելի մայր եւ ընկեր իր զաւակներուն, որոնցմէ վերջին երկուքը՝ Պարոյրն ու Արմէնը ծնած են յաջորդող տարիներուն, մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն բերելով իր կեանքին: Նուիրուած մայր, կին, ընկեր եւ անձ էր Անին, միշտ պատրաստ օգնելու: Զտարիւն հայ էր իր բոլոր տուեալներով եւ մանաւանդ հայրենիքի հզօր սիրահար: Հայաստանը իրեն համար սրբութիւն էր եւ պէտք էր միայն սիրել զայն եւ ոչ մէկ ժխտական բան ըսել անոր մասին: Նաեւ կարելի չէր իրմէ լսել որեւէ անձի նկատմամբ ժխտական խօսք եւ կամ ըսի-ըսաւ: Միշտ դրական էր իր կեցուածքը մարդոց հանդէպ եւ միշտ ազնիւ, համեստ եւ բարեհաճ բոլորին նկատմամբ, հաւատաւոր, տիպար եւ նուիրեալ հայուհի մը:
Ան Ամուսնոյն կողքին ապրեցաւ քառասուն սքանչելի տարիներ, մաքրամաքուր իր սիրով, գուրգուրանքով եւ յաւիտենական ռոմանթիք նկարագիրով տոհմիկ օճախ մը ստեղծեց իր հարազատներուն համար:
Միշտ նոր գաղափարներով կը փորձէր օգտակար ըլլալ համայնքին: Ազատ ժամերուն կը դասաւանդէր Ֆերահեան վարժարանին մէջ, որպէս օգնական ուսուցչուհի: Յաճախ արտադպրոցական ժամերուն կ՛օգնէր այն աշակերտներուն որոնք կարիքը ունէին, առանց որեւէ վարձատրութեան: Իր միտքի յղացումն էր Ամերիկայի մէջ զուտ մասնագիտական կազմակերպութիւն մը սկսելու գաղափարը, որ իր մեծ օգնութեան շնորհիւ իրականացաւ 1983ին, երբ Հայ Ճարտարագէտներու եւ Գիտնականներու ընկերակցութիւնը հիմնուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ: Յիշողութիւնը այնքան զօրաւոր էր որ ամենայետին մանրամասնութիւններով կը յիշէր ամենաչնչին դէպքն իսկ, իր թուականներով եւ նկարագրութեամբ:
Զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը իրեն համար առաջնակարգ տեղ կը գրաւէր: Ան անխոնջ աշխատանքով զաւակներուն հայերէն եւ անգլերէն կարդալ սորվեցուց, երբ տակաւին շատ փոքր տարիքի էին: Հետեւողականօրէն զաւակներէն իւրաքանչիւրին ձիրքերը յայտնաբերելով եւ առիթ կ՛ընծայէր մասնակցելու բոլոր տեսակի արուեստի եւ մարզական դասընթացքներուն, որպէսզի զարգացնեն իրենց լաւագոյն կարողականութիւնները եւ ապագային կարենան կողմնորոշուիլ:
Իր Առաջին թոռնիկի ծնունդը մեծ հրճուանք եւ ուրախութիւն պատճառեց իրեն: Սակայն դժբախտաբար չկարողացաւ վայելել զայն բաւարար չափով եւ զոհ դարձաւ այն անողոք հիւանդութեան, որուն բուժումը ցարդ գոյութիւն չունի դժբախտաբար… Ամէն շաբաթ վիճակահանութեան տոմսակներ կը գնէր, որպէսզի երբ շահի մեծ գումարը, կարենայ օգնել իր շատ սիրելի եւ պաշտելի ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Իր թողած բարոյական ժառանգութիւնը եւ արժանիքները սակայն, իր հարազատներուն համար լաւագոյն նուէրներն են:
Անին իր գիտակցական կեանքին ամբողջ ընթացքին՝ մանկութենէն մինչեւ իր կեանքի մայրամուտը, եղաւ, նահապետական արժէքներով դաստիարակուած եւ օժտուած՝ գուրգուրացող ու ժպտադէմ, ազնուասիրտ կին մը եւ անգին մայր մը:
Մեր սիրտերուն մէջ պիտի յաւերժ մնայ քու սիրելի յիշատակդ, անզուգական մայր եւ կեանքի հարազատ ընկեր: Հողը թեթեւ գայ վրադ…