ԵՐԵՒԱՆ.- «AllTurkey.am» կայքը գրած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը շարունակէ իր հարցազրոյցներուն մէջ անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այս անգամ, Թուրքիոյ նախագահը Հայկական Հարցին մասին խօսած է Իրանէն Թուրքիա վերադարձի ճամբուն վրայ:
Էրտողան խօսած է Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին Թուրքիոյ նոր ուղերձի հնարաւորութեան, Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակի միջոցառումներուն, ԱՍԱԼԱի սպառնալիքներուն մասին։
Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին, Էրտողան ըսած է, որ «1915 թուականի դէպքեր»ու 100ամեակի կապակցութեամբ «հայերը միջազգային մակարդակով շատ լաւ պատրաստուած են, սակայն անցեալ տարի մեր յղած ցաւակցական ուղերձը շատ հարցեր լուծեց»:
«Այս տարի Թուրքիան ինչպիսի՞ մարտավարութիւն պիտի կիրառէ» հարցումին, Էրտողան պատասխանած է. «Այս տարուան ուղերձը, Աստուած ուզէ, Ապրիլ 23ին, Պոլսոյ «խաղաղութեան ժողով»ին ընթացքին պիտի յղենք»:
Այնուհետեւ Էրտողանն անդրադարձած է ԱՍԱԼԱի անունով անցեալ շաբաթ կատարուած սպառնալիքներուն, որոնք ուղղուած էին Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած միջոցառման մասնակցիներուն, ըսելով. «ԱՍԱԼԱն կը սպառնայ այն երկրներուն, որոնք պիտի գան Կալիփոլի: Թէ ո՞վ եւ ինչո՞ւ մտահոգուած է, յստակ է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.