ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Նախաձեռնութեամբ՝ բժիշկներ Կարօ Խաչիկեանի եւ Վաչէ Վասիլեանի, հովանաւորութեամբ՝ Ֆրեզնոյի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի եւ համագործակցութեամբ՝ շրջանիս միութիւներուն ու կուսակցութիւններուն, Ուրբաթ, Մարտ 13ի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի հայկական հիւպատոսութեան կից գտնուող սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ զօրավարի ծննդեան 150ամեակի տօնակատարութիւնը, շուրջ 250 բարեկամներու եւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ:
Օրուան հանդիսավար բժիշկ Կարօ Խաչիկեան ըսաւ. «Տօն է այսօր։ 150 տարիներ առաջ՝ 1865ին, հայ ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութեան իր դարաւոր տանջանքներուն, տառապանքներուն եւ անարդարութիւններու երկունքէն ծնունդ տուաւ առասպելական ասպետի, նոր Սասունցի Դաւիթի, նոր Վահագնի, մեր ազգային հերոս զօրավար Անդրանիկ Օզանեանին»:
Յարգելի հանդիսավարը, թուելէ ետք զօրավարի նկարագրային յատկանիշները՝ ըսաւ. «Ան բաց մատեան մըն էր ռազմագիտութեան եւ վրէժխնդիր ազգային արժանապատութեան. ապրեցաւ ժողովուրդին ցաւերով, պայքարեցաւ անոր բարօրութեան եւ ազատագրութեան համար, ապրեցաւ համեստ, չմտածեց անձնական շահերու մասին, իր միակ հարստութիւնը եղաւ այն համբաւն ու իր կեանքի հերոսական պատմութիւնը, զոր ժառանգ ձգեց մեզի եւ հետագայ սերունդներուն: Զօրավարը անմահացաւ իր քաջագործութիւններով։ Ան հրաշքներ գործեց նորօրեայ հայոց պատմութեան մէջ, ծնունդ տալով Արցախեան ազատարամարտի նոր հերոսներու»:
Խօսքը ուղղելով Ֆրեզնոյի հայերուն, ան հպարտութեամբ բացակաչեց. «Հպարտանալու առիթ ունինք։ Արծիւներու բոյն է մեր Ֆրեզնոն. չէ՞ որ այստեղ ապրեցան եւ իրենց մահկանացուն կնքեցին զօրավար Անդրանիկ, Սողոմոն Թեհլիրեան եւ ուրիշներ»: Ապա իր խօսքը վերջացուց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջած էին հրաւէրին, միասնաբար վերակոչելու հայ մեծ զօրավարին ծննդեան 150ամեակը:
Յայտագիրին Անդրանիկին նուիրուած երգերով, իրենց մասնակցութիւնը բերին Չարլի Քէեան համագաղութային վարժարանի աշակերտները: Լիլիթ Խոճայեան քանոնի վրայ ներկայացուց հայ ժողովրդական մեղեդիներ:
Ֆրեզնօ գաւառի վերակահսկիչներու խորհուրդի ատենապետուհի Տեպրա Փուչիկեան վերյիշումներ կատարեց Անդրանիկի ընտանիքին մասին, նշելով, որ իր հայրն ու երեք հօրեղբայրները բարեկամական սերտ կապեր հաստատած էին Անդրանիկին եւ տիկնոջ՝ Նուարդին հետ, երբ անոնք 1922ին վերջնականապէս Ֆրեզնօ հաստատուած էին։ Նուարդ, որպէս յիշատակ, Տեպրայի հօր եւ երեք հօրեղբայրներուն նուիրած է իրենց գործածած չորս աթոռները, որոնցմէ երեքը հրոյ ճարակ դարձած են, իսկ չորրորդը՝ այդ օր սրահին մէջ կը ցուցադրուէր: Փուչիկեան Անդրանիկին եւ ընտանիքին մասին փոխանցեց կարեւոր տեղեկութիւններ, զորս մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին ներկաները:
Սրահի մթնոլորտը ամբողջութեամբ փոխուեցաւ, երբ Նունէ Պետրոսեան (Խաչիկեան) բեմ բարձրացաւ եւ մարտունակ սկսաւ արտասանելու Գ. Էմինի «Սասունցիներու Պարը», բուռն ծափահարութիւններու արժանանալով։ Սրահը կրկին փոթորկեց, երբ «Զուարթնոց» պարախումբը, ղեկավարութեամբ Վարդան եւ Արմինէ Աղաճանեաններուն, ներկայացուց «Քոչարին» եւ մարտաշունչ պարային շարք մը:
Սեւակ Եարալեան, յատուկ ցուցատախտակներու վրայ ցուցադրած էր պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող՝ Անդրանիկ զօրավարին ստացած շքանշանները, ինչպէս նաեւ Ֆրեզնօ կեցութեան ընթացքին անոր լուսանկարներն ու ձեռագիր նամակները:
Հանդիսավար Կ. Խաչիկեան ուրախ տրամադրութեամբ թուելէ ետք օրուան պատգամաբեր՝ Յովսէփ Նալբանդեանի կենսագրական հանգրուանները, հպարտանքով յարեց. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտանք է այսօր ներկայացնել, 30 տարի ետք, արդէն որպէս ազգային հասարակական գործիչ, գրականագէտ, թարգմանիչ, հրապարագիր, ուսուցիչ եւ հեղինակ 13 գիրքերու՝ Յովսէփ Նալբանդեանը», որ հանդիսավարին դասընկերը եղած է Երեւանի մէջ:
Յովսէփ Նալբանդեան, ծափերով բեմ բարձրանալով, այսպէս սկսաւ իր պատգամը. «Շապին Գարահիսար գիւղաքաղաքին մէջ, Օզանեան արհեստաւոր ընտանիքը մեծ հրճուանք ապրեցաւ 25 Փետրուարի օրը, քանի որ իրենց յարկին տակ ծնաւ Անդրանիկը. տարին՝ 1865»:
Յարգոյ պատգամաբերը, համառօտ ակնարկով ներկայացնելէ ետք Անդրանիկի մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները, ըսաւ. «Անդրանիկ, հօրը՝ Թորոսին անարգած թուրքը կը սպաննէ եւ բանտարկութենէն խուսափելու համար Պոլիս կը մեկնի եւ զինագործութեամբ կը զբաղի»:
Նալբանդեան սպառիչ կերպով անդրադարձաւ Անդրանիկի հետագայ կեանքին եւ գործունէութեան երեւոյթներուն. 1890ին, կը զինուորագրուի Գուրգէնի, Աղբիւր Սերոբի հայդուկային խումբերուն, կը համագործակցի նաեւ Նիկոլ Դումանի, Հրայրի, Սեպուհի եւ Մուրատի հետ: Սերոբի եղերական մահէն ետք, շուրջ 25 տարիներ Անդրանիկ, որպէս զօրավար եւ ղեկավար, կը վարէ արեւմտահայ ֆէտայական շարժումը:
Յարգելի պատգամաբերը իր խօսքը այսպէս վերջացուց. «Հինգ ամիս ետք, Յունուար 28, 1928ին, երբ Զօրավարին մարմինը ճամբայ կ՛ելլէ, հայրենի հողին մէջ ամփոփուելու, անսպասելին կը պատահի։ Համայնավար կառավառութիւնը կը մերժէ ընդունիլ Զօրավարին աճիւնը եւ ահա տեղի կ՛ունենայ երկրորդ թաղումը, Փարիզի «Փեր Լա Շեզ» գերեզմանատան մէջ»:
Յայտագիրի աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց հանդիսութիւնը հովանաւորող՝ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանը։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնելով, ըսաւ. «Շնորհակալ ենք, որ սիրով ընդառաջեցիք մեր հրաւէրին, միասնաբար վերակոչելու Անդրանիկ զօրավարին ծննդեան 150ամեակը։ Յատուկ շնորհակալութեան խօսք ունինք այս հանդիսութիւնը կազմակերպող բժիշկներ՝ Կարօ Խաչիկեանին եւ Վաչէ Վասիլեանին, խնամակալներուն, տէր եւ տիկին Փուչիկեաններուն, յարգելի պատգամաբեր՝ պարոն Յովսէփ Նալբանդեանին, «Զուարթնոց» պարախումբին եւ յայտագրի բոլոր մասնակիցներուն»: