
ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 8ին Հայոց Ցեղասպանութեան ցուցատախտակ մը զետեղուած է թիւ 55 ազատուղիին վրայ, Մեսա պողոտայի մօտերը, ու վեց ամիս պիտի մնայ այնտեղ, այսինքն այնքան ատեն, որ թրքական «Անատոլուի փառատօն»ին մասնակիցներուն եւս տեսնեն զայն։ Աշխատանք կը տարուի գաւառի այլ վայրերու մէջ եւս նման ցուցատախտակներ զետեղելու։ Ծրագիրին նիւթապէս աջակցելու համար այցելել www.crowdrise.com/ancaocbillboards/fundraiser կայքը։