Ինչ կը վերաբերի վեթերաններու առաջարկին՝ երթալ առաջնագիծ, Յովհաննիսեան պատասխանած է, որ կ՛ըլլան պարագաներ, երբ նման անհրաժեշտութիւն կը ծագի, բայց այսօր զինուած ուժերը իրենց վստահուած պարտականութիւնը լիովին կը կատարեն եւ հրատապ անհրաժեշտութիւն չկայ, որ պահեստազօրը մասնակցի առաջնագիծի ծառայութեան։ Այս մասին կը գրէ «Փանորամա»ն։ Զինուած ուժերու շարքերուն մէջ վիրաւորուած զինուորներուն բժշկական ծառայութեան հասանելիութեան խնդիրներուն անդրադառնալով՝ Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է. «Վիրաւորուած զինծառայողի ամբողջ բուժումը Հայաստանի տարածքում իրականացնում է պաշտպանութեան նախարարութիւնը համապատասխան օրէնքով՝ անկախ ինչ ծաւալի բուժում է եւ որքան դրամական միջոցներ են անհրաժեշտ լինում: Նոյն օրէնքի համաձայն, Հայաստանի տարածքից դուրս բուժսպասարկման համար նախարարութիւնը պարտաւոր չէ վճարել, ինչպէս նաեւ ֆինանսական միջոցներն են սուղ, մինչդեռ արտասահմանում բուժումը սկսւում է 30 հազար դոլարից»:
Միաժամանակ Յովհաննիսեան նշած է, որ տարեկան առաւելագոյնը 4 զինուորի, որ կարիք ունի Հայաստանէն դուրս բուժուելու, պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ՛օժանդակէ. «Տալիս ենք այնքան, ինչքան ի վիճակի ենք»:
Բանակին մէջ կարգապահական խնդիրներուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք տեղի ունեցած յանցագործութիւններուն, սպանութեան եւ անձնասպանութեան դէպքերուն մասին խօսելով՝ Յովհաննիսեան նշած է, որ այդ պարագաները նուազած են։ Անոր ներկայացուցած տուեալներով՝ 2014ին՝ 2013 թուականին հետ բաղդատելով, 60 տոկոսով նուազած են կարգապահական խնդիրները: «Ընդունում ենք, որ կան պրոբլեմեր, դրա համար կայ համակարգային եւ խորը բարեփոխումների ծրագիր, որը ներառում է միլիոնաւոր գործառոյթներ: Այն, որ 2010-11 թուականից յետոյ ոչ կանոնադրային յարաբերութիւններում տեղի ունեցած սպանութեան, ինքնասպանութեան, ծանր հետեւանքով յանցագործութիւնները նուազել են, փաստ է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.