
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 10 Ապրիլին Մարտակերտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած է մոմավառութիւն՝ ի յիշատակ 7 Ապրիլին պաշտպանութեան բանակին արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտին մէջ թշնամիի գնդակէն զոհուած զինուոր Լեւոն Մուշեղի Միրզոյեանի:
Քաղաքացիները մոմերով եկեղեցիէն ուղղուած են Լեւոն Միրզոյեանի բնակարանը՝ այդպիսով յարգելով անոր յիշատակը:
Յիշեցնենք, որ զոհուած զինուորը տակաւին 20 տարեկանը չէր բոլորած, ան պիտի զօրացրուէր աշնան։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով՝ Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Լեւոն Միրզոյեանը յետ մահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: