Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՖԻՆԻՒԼի առաքելութեան կազմին մէջ հայ խաղաղապահներու ծառայութեան, միջազգային առաքելութիւններուն մէջ Հայաստանի ընդգրկուածութեան, Լիբանանի մէջ հայ խաղաղապահներու թիւի յաւելումին կապուած եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
ՖԻՆԻՒԼի առաքելութեան կեդրոնին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է հայ խաղաղապահներուն հետ, ծանօթացած է ծառայութեան պայմաններուն եւ հայ խաղաղապահներուն կատարած առաջադրանքներուն:
Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿի հովանիին տակ հայ խաղաղապահներու առաքելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց ծառայութեան համար:
Այցելութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարարը Կիրակի, 12 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է նաեւ լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։ Սէյրան Օհանեան անդրադարձած է հայ խաղաղապահներու առաքելութեան, հայկական բանակին դիմաց դրուած առաջադրանքներուն, անոր պատրաստուածութեան, սահմանային լարուածութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, հայրենիք-Սփիւռք կապի ամրապնդման եւ այլ հարցերու: Համայնքի ներկայացուցիչները կարեւոր նկատած են հայկական զօրախումբի ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանի մէջ խաղաղութեան պահպանման ջանքերուն Հայաստանի ներդրումին համար:
Լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը լիբանանեան «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանը պարգեւատրած է «Դրաստամատ Կանայեան» մետալով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.