ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Ապրիլ 14ին, Արժանթինի նախագահուհի Քիրչներ ընդունեց այցելութիւնը հայ գաղութի անդամներէն բաղկացած պատուիրակութեան մը՝ նախագահութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գիսակ արք. Մուրատեանի։
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Քիչներ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին գծով եւ ոգեկոչման հարիւրամեակին առթիւ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայ Կեդրոնի նախագահ՝ Ալպերթօ Ճերէճեան, Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ՝ Պարթոլոմէ Քէչեան, բժիշկ՝ Տանիէլ Սթամպուլեան, նախագահ Centros de Esudios Infectologicos հիմնարկութեան եւ Fighting Infectious Diseases in Emerging Countries, ձեռնարկատէր Էտուարտօ Էօրնէքեան՝ նախագահ Corporacion America ի եւ Լէօն Արսլանեան, արդարութեան նախկին նախարար:
Նախագահին կ’ընկերանար Արդարութեան եւ Մարդկային Իրաւանց նախարար՝ Խուլիօ Ալաք:
Շնորհակալություն: