Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման առիթով Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) անդամներ ուխտի գացին Լիբանանի Այնթուրա քաղաքի երբեմնի որբանոցը, ուր որբերուն կեանքը անարդար եղաւ:
Յասմիկ Գէորգեան ԼՕԽի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բարի գալուստի իր խօսքին մէջ բնութագրեց հայու ապրելու կամքին զօրութիւնը՝ ըսելով. «Հայը 100 տարի առաջ ապրեցաւ արհաւիրքի մէջ, թուրքը փորձեց ոչնչացնել, սակայն հայը չոչնչացաւ, այլ յարութիւն առաւ, վերապրեցաւ: Այսօր հոս ենք՝ ոգեկոչելու մեր նահատակներուն յիշատակը, ըսելու, որ պահանջատէր ենք մեր իրաւունքներուն»:
Յասմիկ Գէորգեան ըսաւ, որ որբանոց բերուած էին գաղթի ճամբաներուն վրայ որբացած 800 մանուկներ: «Չդիմանալով թուրք զինուորներու վայրագ վերաբերմունքին, հեղձուցիչ տաքին, անօթութեան ու ծարաւին, 300 փոքրիկներ մահացան այս շրջափակին մէջ: Հակառակ անոնց անչափահաս տարիքին, անոնք դիմեցին ամէն տեսակ հնարքի, որոշած էին գոյատեւել իբրեւ հայ եւ իրենց վրէժը լուծել: Ցերեկը թուրք էին, գիշերը՝ հայ», ըսաւ Գէորգեան:
Ապա ան խօսքը փոխանցեց Մայտա Քիւրեճեանին:
Մայտա Քիւրեճեան, որ շատ մօտէն հետեւած էր Այնթուրայի որբանոցին յայտնաբերման, խօսեցաւ այն որբերուն մասին, որոնց ծնողները գաղթի ճամբուն վրայ չդիմանալով անապատի հեղձուցիչ տաքին, սովին, թուրք զինուորներու անմարդկային վարուելակերպին, մահացած էին: Այնթուրան կը դառնայ թրքական որբանոցներէն յոռեգոյնը, այստեղ հայ որբերը հարուածներ կը ստանային իրենց ոտքերէն, ապա այդ ոտքերը կը դնէին տաք ջուրի մէջ, որպէսզի աւելի ցաւին, կամ ժամերով արեւուն նայիլ կու տային մանուկներուն: Անօթի կը ձգէին եւ այդ որբերը իրենց մեռած ընկերներուն ոսկորները խաշելով ապուր կը պատրաստէին, որ քաղցած չմեռնէին: Թուրք ուսուցիչներ կը բերէին թրքացնելու այդ անտէր մանուկները, անոնց անունները կը փոխէին եւ թրքական անուններով կը կանչէին զանոնք:
Ապա իբրեւ խօսուն վկայ Մայտա Քիւրեճեան տուաւ անունը Գառնիկ Բանեանին, որ գրի առած է եւ վկայակոչած իր ապրած դժոխային օրերը Այնթուրայի մէջ:
1993ին Այնթուրայի քոլեճէն բաժինի մը նորոգութեան ընթացքին, երեւան կ՛ելլեն հայ որբերու աճիւնները: Քոլեճի պատասխանատուները իրենց միաբանութեան գերեզմանատան մէկ անկիւնը կ՛ամփոփեն աճիւնները: Յետագային անոնց վրայ կը դրուի յուշակոթող մը, որուն վրայ գրուած է. «Ի յիշատակ հայ նահատակներուն, որոնք զոհ գացին օսմանեան իշխանութեան գործադրած ցեղասպանութեան, աստ հանգչին հայ որբուկները»:
Ապա ուխտաւորները մտան եկեղեցի, որ այս օրուան համար յատուկ արտօնութեամբ բացուած էր Այնթուրայի միաբանութեան կողմէ, եւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, որ ժողովուրդին հետ եկած էր ուխտագնացութեան, կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած ուխտաւորները երկիւղածութեամբ աղօթելով հետեւեցան շարականներուն:
Հոգեհանգիստէն ետք ուխտագնացները բարձրացան նահատակ որբերու գերեզմանը՝ մոմ վառելու, խունկ ծխելու եւ ծաղիկներ զետեղելու համար անոնց բազմաչարչար աճիւններու հողակոյտերուն վրայ:
Խունկ ու աղօթք անոնց բազմաչարչար կեանքին:
ԹՂԹԱԿԻՑ