ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Թուրքիոյ Կամակոր Մոռացու-թիւնը» վերնագիրով «Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագրականը յատկանշական է, որովհետեւ մէկ կողմէ, կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ միւս կողմէ կը քննադատէ Թուրքիոյ կառավարութեան ուրացման վարքագիծը:
«Յառաջիկայ Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, աշխարհով մէկ, հայութիւնը պիտի ոգեկոչէ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու սպանդը, որ այժմ լայնօրէն ճանչցուած է իբրեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Լայնօրէն՝ Թուրքիայէն դուրս, կառավարութիւնը եւ թուրքերու մեծամասնութիւնը կը շարունակեն կատաղօրէն յարձակիլ ոեւէ անձի վրայ, որ կը խօսի ցեղասպանութեան մասին»: «Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագրականը այսպէս կը սկսի:
Ապա անդրադարձ կը կատարուի Հռոմի պապին անցեալ Կիրակի կատարած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող յայտարարութեան եւ թրքական ձախաւեր հակազդեցութեան, որ կը հասնի այն անհեթեթութեան, որ պապը կը մեղադրէ Արժանթինի հայ համայնքի ազդեցութեան ենթակայութեամբ:
«Եւ նոյնիսկ Եւրոպայի Խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին անցեալ Չորեքշաբթի հաստատումէն առաջ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ ինչ ալ ըսեն եւրոպացիք, մէկ ականջէն պիտի մտնէ եւ միւսէն դուրս պիտի գայ»:
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագիրները Էրտողանի այս կարծր կեցուածքին համար ափսոսանք կը յայտնեն, մանաւանդ նկատի առնելով, որ Թուրքիոյ նախագահը անցեալ տարի մեղմացման նշաններ ցոյց տուած էր, երբ ցաւակցած էր հայերուն՝ իրենց կորուստներուն համար եւ առաջարկած էր պատմաբաններու յանձնաժողով մը կազմել, որ քննէ այդ տարիներու իրադարձութիւնները: Նման յանձնաժողով չկազմուեցաւ:
Աւելի նշանակալից է «Նիւ Եորք Թայմզ»ի խմբագրականի այն հաստատումը, որ թրքական մօտեցումը պատմագիտական ուսումնասիրութեանց դժուար կրնայ դիմանալ, երբ առկայ փաստերը կասկած չեն թողուր Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին Թուրքիոյ պետութեան կողմէ կազմակերպուած հայերու դէմ արշաւի էութեան մասին: Էրտողան՝ ինք ճիշդ ճամբու վրայ էր եւ դժուար է հասկնալ, թէ ինչո՞ւ ետ քաշուեցաւ այդ միտքէն, որովեհետեւ որքան ատեն, որ Թուրքիան մերժէ առերեսուիլ սեփական պատմութեան հետ, այնքան վնաս պիտի հասնի Թուքրիոյ միջազգային վարկին:
Թերթը նաեւ իր քննադատութիւնը կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, խորհուրդ տալով անոր, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները չսրելու տրամաբանութենէն մեկնելով քաջալերող չհանդիսանայ ուրացման քաղաքականութեան:
«Թուրքիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններ պահպանելը կարեւոր է, բայց առնուազն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է միանայ Եւրոպային եւ Ֆրանսիս պապին, յստակ դարձնելու պարոն Էրտողանին, որ Թուրքիոյ համար ամէնէն մեծ վտանգը կը կայանայ ոչ թէ ոեւէ մէկուն կողմէ «Ցեղասպանութիւն» բառի արտասանութեան մէջ, այլեւ՝ հարիւր տարի առաջ պատահածներու իրողութեան մերժման մէջ», կ՛եզրակացնէ «Նիւ Եւրք Թայմզ»ի խմբագրականը:
Կ՛ողջունենք ամերիկեան մամուլի յառաջապահի խմբագրութեան այս ճշմարիտ կեցուածքը: