Հայ երիտասարդները դեսպանատան ներկայացուցիչին յանձնեցին յուշագիր մը, որուն ընդմէջէն Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, կոչ կ՛ուղղեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ քոնկրեսին ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Յուշագիրը կը յորդորէ ամերիկեան կառավարութիւնը՝ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինը ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ քայլերու ձեռնարկէ նիւթական եւ ոչ նիւթական կորուստներու հատուցման եւ հայ ժողովուրդի տարածքային սեփականութեան վերականգնման ուղղութեամբ:
Կոչ կ՛ուղղուի ամերիկեան կառավարութեան՝ դառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւի կարեւոր դերակատարներէն մէկը՝ որպէս նախաքայլ այլ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.