ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա», «Փան Արմինիըն».– Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է օգնելու Հալէպի մէջ մնացած հայերուն, մասնաւորաբար երեխաներուն՝ տեղափոխուելու Հայաստան, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է տեղւոյն ազգային իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը, որ տակաւին չկայ։ «Փանորամա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, «Սիրիահայերի հարցերով յանձնաժողով»ի նախագահ Ֆիրդուս Զաքարեան:
«Վարչապետը յայտարարեց, որ եթէ սիրիահայերը ցանկութիւն յայտնեն գալ Հայաստան, մենք նրանց կ՛ընդունենք յաւուր պատշաճի: Մենք դրան պատրաստ ենք, բայց որոշումը պէտք է կայացնեն տեղի իշխանութիւնները, այսինքն առանձին անհատների որոշումը պէտք է դառնա ընդհանրական», յայտնած է պաշտօնեան:
Ֆիրդուս Զաքարեան ըսած է, որ իրենք ամէնօրեայ կապի մէջ են Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ:
«Երէկ էլ խօսել ենք պարոն Ռէյիսեանի հետ, որը իրազեկուած է ու համապատասխան ինֆորմացիա է փոխանցում: Իրենք որոշում չեն կայացրել: Եւ յետոյ բացառուած չէ, որ խուճապային տրամադրութիւնները մարած լինեն», նշած է Զաքարեան:
Զաքարեանի համաձայն՝ երբ ազգային իշխանութիւնները որոշեն, Հայաստանի կառավարութիւնը անպայման պիտի արձագանգէ: Պաշտօնեան փոխանցած է նաեւ, որ կառավարութիւնը ի վիճակի է որեւէ թիւով երեխայ տեղափոխել Հալէպէն Հայաստան, ինչպէս կատարած է նախորդ տարիներուն։ «Երեք տարի առաջ, երբ մենք երեխաներ բերեցինք, աւելի շատ կարող էինք ընդունել, բայց եկաւ շուրջ 500 երեխայ», նշած է Զաքարեան:
«ՓանԱրմինիըն»ը գրած է, որ Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ հայերը գաղութը լուծարելու քայլին չեն դիմեր, քանի որ անհրաժեշտութիւն չկայ։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է արձագանգելով կարգ մը սուրիահայերու կողմէ Հայաստանի կառավարութեան ուղղուած տարհանման խնդրանքին, որուն ընդառաջելու պատրաստակամութիւն յայտնած է կառավարութիւնը։
«Մենք գաղութը չենք լուծարեր, այլ կը փորձենք պահել զայն: Հետեւաբար, ան, որ դժուարութիւն ունի, օգնելու պարտաւորութիւն ունինք եւ պիտի օգնենք, իսկ Սուրիոյ կամ Հալէպի սահմաններէն դուրս մենք ըսելիք չունինք»։ Ան դիտել տուած է, որ անոնք, որոնք կարելիութիւն ունին եւ կը փափաքին, կրնան հեռանալ Հալէպէն, ատիկա անձնական որոշումով կ՛ըլլայ, իսկ մնացողներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելը պիտի շարունակուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Lav uremn spasek minchev gan u glkhaten bolorin