
Վերջնական յաղթանակ՝ այսինքն պատմական մեր իրաւունքներու տիրացում:
Կարելի՞ է պատկերացնել, որ հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ յաղթել իրմէ թուական, տնտեսական, քաղաքական գերազանց ուժերով օժտուած թշնամիին անոր պարտադրելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերադարձնել մեր հողերը եւ հատուցել մեր նահատակներու արիւնն ու բռնագրաւած հարստութիւնը:
Իրենց սեփական ուժին հանդէպ թերահաւատներու, համակերպելու տրամադրութեամբ շարժողներու համար նման պատկերացում մը աներեւակայելի է: Բայց եւ այդ դասակարգի անձերը չեն, որոնք պատմութիւն կը կերտեն. նման հոգեվիճակի տէր եղողներով չէ, որ յաղթանակներ կ՛իրագործուին:
Եկէք արագ հայացք մը նետենք մեր վերջին հարիւրամեայ պատմութեան վրայ եւ գնահատենք մեր նպատակակէտին հասնելու ուղղութեամբ կտրած ճանապարհը:
Ջարդուած, կոտորուած, տարտղնուած, թշուառացած մնացորդացով ստեղծեցինք անկախ պետականութիւն, զոր կորսնցուցինք՝ եօթանասուն տարի ետք վերստին գտնելու համար, հաւաքուեցանք, կազմակերպուեցանք, քաղաքական պայքարի մրցավազքի օրէնքները սորվեցանք, հոս հոն նշանակալի յաղթանակներ արձանագրեցինք, բայց եւ այնպէս նպատակասլաց պայքարի, քաղաքական համակարգուած գործունէութեան չափանիշներով տակաւին սկսնակի կարգավիճակին մէջ ենք՝ լաւագոյն գնահատումով:
Վերջին ամիսները, սակայն, խոստմնալից խմորումներու ուրուագիծը տեսանելի դարձուցին բոլորիս:
Դեռեւս չափազանց խանդավառուելու հիմքեր չունինք, բայց բոլոր տուեալները կան, որ այն, ինչը սկսաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախապատրաստութեամբ, այն համատարած շարժումը, որ զարմանալի տարերայնութեամբ շղթայազերծուեցաւ աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւնէ, ուր հայկական շունչ կայ, չի կրնար յոյսով չլեցնել մեր հոգիները եւ աւելի ինքնավստահ ու վճռական ըլլալու ոգիով չտոգորէ մեզ:
Գլխաւոր մարտահրաւէրը յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն, այս տարերային շարժումը ուղղորդելն ու անոր մշտանորոգ թափով շարունակման պայմաններ ստեղծելն է: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով:
Առաջին հերթին, պէտք է կարենանք ամրապնդել այն միասնական ոգին, որ դրսեւորուեցաւ վերջին ամիսներուն: Մեր միասնականութենէն բխած ուժը շատ աւելին է քան իւրաքանչիւրիս ուժը առանձին-առանձին իրար գումարած: Միասնականութեան բերած առաւելութիւնը ներքին մաշումներէ ձերբազատուիլն է, համակարգուած աշխատելու, իրար լրացնելու ամէն տեսակի չկամութեան բացառումն է:
Ամէնէն կարեւորը, ուժերը անծրագիր մսխելու, անմիջական նպատակներու հաշուոյն հիմնական առաջադրանքներէն խուսափելու գործելակերպի մերժումն է՝ միասնական ճակատի շնորհած բարիքը:
Եւ ինչեր կրնանք ընել այսօր, երբ պետութիւն ունինք, երբ միասնական տեսիլք մը ձեւաւորելու հաւանականութիւնը աներեւակայելի ցանկութիւն մը չի թուիր ըլլալ այլեւս, երբ շօշափելի նուաճումներու համը առած նոր բարձունքներու հասնելու տենդը աւելի ու աւելի վարակիչ կը դառնայ:
Վախճանական յաղթանակին հասնելու համար մեր քաղաքական աշխատանքը պարզապէս աւելի կատարելագործուած կազմակերպուածութեամբ ու համակարգումով պէտք է յառաջ տանինք, մեր ազգային ներուժը առաւել արդիւնաւէտութեամբ համախմբելու եւ շարժելու արհեստագիտութեան տիրանանք, ու հաւատանք մեր ուժին, մեր կարողութեան:
Յաղթանակ ապահովելու ճանապարհը նաեւ մեզմէ կը պահանջէ խիզախ ձեռնարկներ, յանդուգն նախաձեռնութիւններ, անկարելի թուացող ծրագիրներ մշակել ու անոնց գործադրութեան համար լարել մեր հնարաւորութիւնները:
Ամէնէն կարեւորը՝ մեր գործէն, մեր կեցուածքէն, մեր խօսքէն պէտք է ճառագայթէ մեր յաղթանակի հանդէպ հաւատքը, համոզումը, ինքնավստահութիւնը: Նաեւ պէտք է ճաճանչէ երազը սոսկ երազ չպահելու մեր վճռականութիւնը:
Եւ կը յաղթենք:
————————————————————————————————————————-
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Ազգային Առաջնորդարան
————————————————————————————————————————–