Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ ներկաները նախ այցելած են հերոսին հայրական տունը, որ պաշտպանութեան նախարարութեան աջակցութեամբ շուտով պիտի վերածուի տուն-թանգարանի: Բարձրաստիճան հիւրերուն յաջորդ կանգառը Թաթուլ Կրպէեանի շիրիմին մօտ եղած է, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղուած են, եւ բոլորը խոնարհած են ազգային հերոսի յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին առջեւ, կատարուած է նաեւ հոգեհանգիստի կարգ:
Անկէ ետք տեղի ունեցած հանդիսաւոր ձեռնարկին ընթացքին ներկաներուն իր օրհնութիւնը տուած է Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ սրբազան Պռոշեանը: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, Թաթուլ Կրպէեանի դուստրը՝ Ասպրամ Կրպէեանը, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեանը եւ այլն: Բոլորն ալ հաստատած են, որ Թաթուլը ազգային ոգիով օժտուած մեծ հայրենասէր էր, առաջիններէն էր, որ հայրենիքի համար ծանր ու բախտորոշ պահուն նետուեցաւ ազատագրական պայքարի յորձանուտը՝ համակուած կորուսեալ հայրենիքն անգամ արեան գնով վերադարձնելու վճռականութեամբ: Այդ նուիրական փափաքին հասնելու ճամբուն վրայ Կրպէյեան ոչինչ խնայեց, նոյնիսկ իր կեանքը նուիրաբերեց: Եւ յատկանշական է, որ Արցախեան ազատամարտին ընթացքին ընդհատուած անոր կենսագրութեան էջերը մինչեւ օրս ալ երիտասարդութեան համար ոգեշնչման ու հայրենասիրութեան իւրօրինակ դասեր են:
Հանդիսաւոր ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինով Թաթուլ Կրպէյեանի անուան միջնակարգ դպրոցի սաները արտասանած են հերոսի բանաստեղծութիւններէն, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցած են պաշտպանութեան նախարարութեան «Զօրական», «Սարդարապատ» համոյթներու սաները, երգիչներ ու երգչուհիներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.