ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու անձամբ խնդրած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելէն, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող ու Ապրիլ 24ին վաւերացուելիք բանաձեւէն վերցուի «ցեղասպանութիւն» բառը:
Ապրիլ 21ի երեկոյեան, Տաւութօղլուն այս նպատակով հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Մերքելի հետ, գրած է գերմանական «Die Welt» թերթը, որուն համաձայն, Տաւութօղլու պնդած է, թէ 1915ին տեղի ունեցած հայերու սպանութիւններուն համար «ցեղասպանութիւն» եզրը կիրառելի չէ, քանի որ անիկա միայն Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք սկսած է գործածուելու։
Միւս կողմէ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան մեկնաբանած է Տաւութօղլուի կոմղէ կատարուած ցաւակցական ուղերձը։ Ըստ «Հիւրրիյէթօ թերթին՝ Աթէշեան յայտարարութիւնը ողջունած է: «Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարուան հաղորդագրութիւնը եւս ձթենիի ճիւղ է, որ պէտք չէ չորնայ», ըսած է Աթէշեան՝ աւելցմելով. «Օսմանցի հայերու ու այդ ժամանակաշրջանին բոլոր մահացողներուն համար պատարագ պիտի մատուցուի, քանի որ մեր ցաւերը ընդհանուր են», ըսած է ան: