
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Աքսարա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած «Հասկացիր, առերեսուիր, հաշիւ տուր» խորագիրով գիտաժողով, որուն կազմակերպիչներուն մէջ եղած է Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութիւնը:
Համաժողովը սկսած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած մէկ վայրկեան լռութեամբ, իսկ աւարտին ներկայացուած է կազմակերպիչներուն կատարած համատեղ յայտարարութիւնը, ուր զետեղուած է «Ճանչցիր եւ ներում խնդրէ» կոչը:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Եւրոխորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին վաւերացումէն ետք՝ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր՝ Ժողովրդային հանրապետական եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու կողմէ բանաձեւին համատեղ դէմ գալը կը նշանակէ, որ Ցեղասպանութեան գաղափարախօսութիւնը կը շարունակուի երկիրին մէջ:
Գիտաժողովի բանախօսներէն Սելիմ Սեզար յիշեցուցած է, որ Ցեղասպանութենէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ շուրջ 2 միլիոն հայ եւ ասորի բնակչութիւն կար, իսկ թուրքերը կը կազմէին բնակչութեան 50 տոկոսէն իսկ նուազ համեմատութիւնը, սակայն Ցեղասպանութենէն ետք ժողովրդագրական այդ պատկերը կտրուկ կերպով փոխուած է:
Այլ բանախօս մը՝ «Ակօս» թերթի լրագրող Բագրատ Էսթուքեան, կարծիք յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ կան մարդիկ, որոնք յոյս ունին, որ Անգարան պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն, ըստ իրեն, նման բան տեղի պիտի չունենայ: