ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Իր Ապրիլ 22ի թիւով, «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը իբրեւ գլխաւոր լուր անդրադարձած է նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու խոստումի դրժումին եւ Սպիտակ տան աղբիւրներուն հաղորդած այն տեղեկութեանց, թէ Օպամա այս տարի եւս «Ցեղասպանութիւն» բառը պիտի չօգտագործէ։
Հարցին մասին պատմական ակնարկ մը կատարելէ ետք, թերթը նաեւ տուած է ամերիկահայութեան եւ անոր զօրակցողներուն, ներառեալ՝ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հակադարձութիւնները, իսկ երկրորդ էջին վրայ տեղեկութիւններ տուած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ զայն ուրանալու կապակցութեամբ Թուրքիոյ ջանքերուն մասին, նշելով, որ ուրացման պատճառներէն մէկը այն է, որ Անգարա կը գիտակցի, որ զայն ընդունելու պարագային, պիտի պարտադրուի տասնեակ միլիառաւոր տոլարի հասնող հատուցումներ կատարելու հայութեան։
Նոյն օրուան թիւին մէջ (էջ 11), լոյս տեսած է Թոնի Մորիսընի կողմէ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հետ կատարուած հարցազրոյց մը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ «Ցեղասպանութեան Բեռը» խորագիրով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.