Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Լեհաստանի Ժելոնա Կուրա քաղաքէն ետք, Լեհաստանի մեծագոյն քաղաքներէն ու հարաւային կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքին մէջ ալ 18 մեթր քառակուսի տարածքով երեք հսկայ ցուցապաստառներ տեղադրուեցան քաղաքի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, տեղւոյն հայերու եւ ծագումով հայերու նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերուն շնորհիւ:
Այս առիթով, Վրոցլաւ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ «Հանդիսանալ վկաներու վկան» վերնագիրով Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նկարներու ու պատմական տեղեկութիւններու ցուցահանդէսի բացումը կատարուեցաւ: Այս ձեռնարկը կը հանդիսանայ Վրոցլաւ քաղաքի Եժի Կրոթովսքիի (ZAR) անուան արուեստի միջազգային հիմնարկի հայ մշակոյթին նուիրուած բազմաբնոյթ արուեստի ծրագիրներէն ու ձեռնարկներէն մէկը: Միաժամանակ, ու նկարներու ցուցահանդէսի կողքին, միջազգային համբաւ վայելող Ճափոնցի արուեստագէտ ու դերասան Տայսուքէ Եոշիմոթոյի (Daisuke Yoshimoto) բեմադրական անհատական արուեստի ընդմէջէն պիտի ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան թեման, դառնալով այդ տանջանքներու ու դառնութիւններու նոյնինքն վկան: Այս ցուցադրութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Ապրիլ ամսուան վերջը: Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած մշակութային ու գեղարուեստական ծրագիրներ մշակուած են նաեւ Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.