
1971էն սկսեալ, ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Լոնտոնի Միջազգային գիրքի տօնավաճառը։ Այս տարուան տօնավաճառը կայացաւ Ապրիլ 14-16ին, Լոնտոնի «Օլիմփիա» ցուցահանդէսի սրահներուն մէջ։ Տօնավաճառին մասնակցեցան շուրջ քսան հազար ցուցադրողներ։
Շնորհիւ Արմէն Սարգիսեանի առատաձեռն նիւթական օժանդակութեան, այս տարի կարելի եղաւ «Օլիմփիա»ի գլխաւոր ցուցասրահին մէջ բաւական մեծ տարածքով տաղաւար մը վարձել, ուր մէկտեղուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնակիցները։
Հայկական տաղաւարին մէջ ցուցադրուող գիրքերը լաւագոյնս հանրութեան ներկայացնելու նպատակով, Արմէն Սարգիսեան վարձած էր MIDAS PR անուանի ընկերութիւնը։
Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած էին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Պէյրութի Համազգային ընկերութիւնը, «Ալքեմիսթ Սթիւտիօ»ն, «Քորթե»չ հրատարակչատուները, Ամերիկայի եւ Անգլիոյ գրողներու միութիւնները, 1ին Գրական գործակալութիւնը, ինչպէս նաեւ անհատ գրողներ։
Ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը՝ հայկական տաղաւարին մէջ ցուցադրող գիրքերուն կարեւոր մասը նուիրուած էր թրքական հայասպանութեան։
Ապրիլ 14ի երեկոյեան հայկական տաղաւարին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին Արմէն Սարգիսեան ողջունելէ ետք հիւրերը, ընդգծեց Լոնտոնի Միջազգային գրքի տօնավաճառի կարեւորութիւնը, մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը ըստ պատշաճի աշխարհին ներկայացնելու տեսակէտէն։
Հիւրասիրութեան ներկայ էր նաեւ ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Ներսէս Տէր Վարդանեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ յանուն մշակոյթի նախարարութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արմէն Սարգիսեանին, հայկական տաղաւարին բերած իր նիւթաբարոյական մեծ աջակցութեան համար։
(Թղթակից)