ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի նահանգապետ Էնտրու Քուոմօ Ապրիլ 21ին յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ Ապրիլ 24, 2015ը նահանգին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակելու մասին։
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է ու կը շեշտուի, Ապրիլ 24, 1915ին, հարիւրաւոր հայ հոգեւոր առաջնորդներ եւ մտաւորականներ բանտարկուեցան Պոլսոյ մէջ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1.5 միլիոն հայերու սպանդին եւ աքսորի ութամեայ ոդիսականին սկիզբը հանդիսանալով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.