Ն.
1884ին ծնած Դանիէլ Վարուժան միայն 31 տարի կրցաւ վայելել իրեն տրուած կեանքի ժամանակը:
Թրքական պետութիւնը բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը Հայկեան Հանճարի ամէնէն շքեղ ու վսեմաշուք քերթողին:
Դանիէլ Վարուժան դարձաւ առաջին նահատակներէն մէկը հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան:
Եղաւ 24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած եւ մահուան ճիրաններուն մէջ նետուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու եղերաբախտ փաղանգին գլխաւոր դէմքերէն մէկը:
Ինչպէս արուեստի ու գրականութեան, այնպէս ալ նահատակութեան մէջ ճակատագիրը իրարու կապեց Հայկեան Հանճարին ճառագայթող երկու դէմքեր՝ Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը: Ամիսներ տեւած չարչարանքէ ետք, 1915ի Օգոստոս 26ին, «ցեղասպան թուրք»ը մարմնաւորող ոճրագործներ ուղղակի դաշոյններով մորթոտեցին զանոնք:
Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մասին պատմագրական եւ արխիւային հսկայական գրականութիւն մը գոյութիւն ունի: Հաստափոր հատորներ կը կազմեն հայ ժողովուրդի նահատակութեան վերաբերեալ ականատեսներու վկայութիւնները: Թէեւ այդ վկայութեանց շարքին հազուադէպօրէն կը հանդիպինք 24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած, աքսորուած եւ նահատակուած հայ մտաւորականութեան անհատ առ անհատ դիմագրաւած ահաւոր վախճանը նկարագրող արխիւային նիւթերու, այսուհանդերձ՝ մեծանուն մեր արժէքներէն ոմանց նահատակութեան պարագաներուն վերաբերեալ վկայութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք ուղղակիօրէն սահմռկեցուցիչ են՝ գործուած ոճիրին բարբարոսական, վայրագ եւ անմարդկային բնոյթը պարզելու առումով:
Այդ վկայութեանց շարքին է հայ գրականութեան հպարտութիւնը կազմող Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի միացեալ նահատակութեան քստմնելի մանրամասնութիւնները նկարագրող Հասան անունով թուրք կառապանի մը ականատեսի պատումը: «Շամտանճեանի Յուշագրութիւնէն» առնուած եւ Մուշեղ Իշխանի «Արդի Հայ Գրականութիւն» դասագիրքերու շարքին երրորդ հատորով (էջ 120-121) տրուած այդ վկայութիւնը կը հաստատէ.
«Պատմողն է Հասան անունով կառապան մը, որ հայերու Չանղըրը աքսորուած միջոցին նոյն քաղաքին մէջ կը գտնուի: Իրիկուն մը, երբ նստած է ախոռին առջեւ, անծանօթ եւ դաժան դէմքով ձիաւոր մը, առանց ասպնջականութիւն խնդրելու, կու գայ իր ձին կը կապէ Հասանի ախոռին մէջ ու, հեռանալէ առաջ, յիշեալին կը հրամայէ խնամել իր ձին եւ պատրաստել յաջորդ առտուան համար: Հասան գաղտնի կը հետեւի անծանօթին, որ կը մտնէ ծանօթ իթթիհատականներէն մէկուն տունը, ուր քանի մը օրէ ի վեր ժողովներ կը գումարուին եղեր:
Այժմ թողունք, որ թուրք կառապանը ինք խօսի.
«Հետեւեալ օրը, արեւածագէն առաջ, ուրիշ անձ մը եկաւ ձին առնելու: Այդ մարդը ինծի միաժամանակ ազդարարեց, թէ պարտաւոր էի կառքովս միասին երթալ գիւղէն քառորդ ժամ հեռու տեղ մը եւ ինքզինքս դնել ոստիկանութեան տրամադրութեան տակ: Հրաման մըն էր, որ ինծի կը հաղորդէր. հարկադրուեցայ հնազանդիլ: Առաջադրուած տեղին մէջ ուրիշ կառք մը կեցած էր: Հոն կը գտնուէին ոստիկանական պաշտօնեայ մը՝ ոստիկան զինուորի մը ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Պոլսէն Չանղըրը աքսորուած հինգ էֆէնտիներ: Անոնցմէ մէկը երիտասարդ մըն էր, սեւ մօրուքով ու վառվռուն աչքերով: Անոնք ամէնքն ալ քաղաքի պէյերուն պէս լաւ հագուած էին: Ձեռքերնին կապուած էր: Մտահոգ եւ ընկճուած երեւոյթ մը ունէին: Ոստիկանական պաշտօնեան զանոնք առաջնորդեց իմ կառքս եւ ինքն ալ մտաւ միւսին մէջ՝ ոստիկան-զինուորներն ալ միասին: Մեզի հրաման տրուեցաւ ճամբայ ելլել Թիւնէյ գիւղի ուղղութեամբ, որ Չանղըրըէն վեց ժամ հեռու էր:
«Ժամ մը յառաջացած էինք, երբ ճամբու դարձած մէկ կէտին վրայ տեսնուեցաւ իրիկուան ձիաւորը, որ մեր ճամբան խաչաձեւեց եւ առաջ անցաւ առանց բառ մը արտասանելու: Քիչ վերջ կրկին ու երկրորդ անգամ խաչաձեւեց մեր ճամբան՝ մեր շուրջ դեգերելու երեւոյթով մը: Թիւնէյին կէս ժամ մօտեցած էինք, երբ յանկարծ միեւնոյն անձը մեր առջեւ տնկուեցաւ: Շիտակ կառքիս վրայ եկաւ, իջաւ ձիէն եւ իմ ձիերուս սանձերը բռնելով՝ ուզեց կառքը առաջնորդել ճամբէն դուրս, բլուրին տակը, հեղեղատէ գոյացած խորունկ ձորամէջը: Գետին ցատկեցի, նոյնը ըրաւ նաեւ ոստիկան-զինուորը. կարծեցինք, որ աւազակներէ յարձակում պիտի կրենք եւ ինքնապաշտպանութեան կը պատրաստուէինք, բայց վրայ հասաւ ոստիկանութեան պաշտօնեան եւ մեզի հրամայեց քաշուիլ ու միաժամանակ մեծ ակնածանքով անծանօթին բարեւեց: Այդ րոպէին մեր առջեւ ցցուեցան չորս հոգիներ՝ մինչեւ իրենց ակռաները զինուած:
«Անծանօթը, որ կը թուէր թէ անոնց պետն էր, նշան մը տուաւ: Այս մարդիկը բռնեցին զիս եւ միւս կառապանը, մեր ձեռքերը կապելէ ետք, կառքէն վար իջեցուցին հինգ աքսորականները, որոնց հրամայեցին իրենց ունեցած դրամները յանձնել: Եւ որովհետեւ ձեռքերնին կապուած էր, զանոնք խուզարկելու գործը ստանձնեցին ոստիկանները, որոնք անոնցմէ կողոպտեցին ինչ որ ունէին. դրամ, զանազան առարկաներ, սիկառնիկ, թղթապանակ, համրիչ: Ոստիկանը քանի մը բառեր փսփսաց չեթէներու պետի ականջին: Կ՛երեւայ, թէ վերջինէս խնդրեց կողոպուտը իրեն եւ ոստիկան-զինուորին թողուլ: Այս գործողութիւնն ալ աւարտելէն ետք, ոստիկանը եւ ոստիկան-զինուորը միւս կառքը նստելով մեկնեցան: Իմ ձեռքերս ալ քակելով՝ արտօնեցին, որ քաղաք վերադառնամ: Գալով աքսորականներուն, չորս չեթէներուն եւ անոնց պետին կողմէ հրամայուեցաւ իրենց հետեւիլ:
«Զանոնք հեռուէն կը դիտէի. հետաքրքրութիւնը զիս անհանգիստ կ՛ընէր… արդեօք այդ էֆէնտիները ո՞ւր կը տանէին: Ձորամէջը կտրելով անցան միւս եզրը, ուր փոքր անտառիկ մը բլուրը կը զարդարէ: Քիչ մը աւելի յառաջանալով՝ անոնց պետը արտասանեց քանի մը բառեր, որոնք չկրցի հասկնալ, քանի որ ես անոնցմէ բաւական հեռու էի: Ասկէ ետք մարդիկը յարձակեցան էֆէնտիներուն վրայ, անոնց զգեստները հանեցին եւ բոլորովին մերկացուցին… չեմ կրնար նկարագրել այն տեսարանը, որուն ներկայ եղայ… Այս խեղճ զոհերը մէկիկ-մէկիկ ծառերուն կապուեցան: Իրենց ձեռքերը կապուած ըլլալով՝ չէին կրնար ինքզինքնին պաշտպանել: Յետոյ չեթէապետը եւ իր մարդիկը իրենց դաշոյնները մերկացուցին եւ սկսան դանդաղօրէն ու հանդարտ կերպով զանոնք մորթոտել: Դատապարտեալներու աղաղակը եւ անոնց յուսահատ կատաղութիւնը սիրտս կը ճմլէին…»: 100 տարուան հեռաւորութենէն իսկ, քստմնելի ոճիրի այդ պահուան պարզագոյն նկարագրութիւնը այսօր ալ կը փշաքաղէ հայ մարդուն ողջ էութիւնը:
Այսպէ՛ս նահատակուեցան Վարուժանն ու Սեւակը:
Այդօրինակ նահատակութեան վախճան ունեցան հարիւրաւոր մեր մտաւորականները:
Այդպիսի՛ Գողգոթա կազմակերպեց թրքական պետութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ՝ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու արիւն հեղելով:
Այսպէ՛ս ինկան, բայց չմեռա՜ն մեր նահատակները:
Վերապրող հայութիւնն ու վերածնուած Հայաստանը ոչ միայն յիշատակի անլռելի զանգակատունն են՝ թրքական ծանրագոյն յանցագործութիւնը վկայող, այլեւ՝ աներեր պահանջատէրն են մեծ Հատուցման՝ Իրաւունքի եւ Արդարութեան ամբողջական վերականգնումին:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
FIVE STAR
TOBACCO
323-257-7555
————————————–
Օհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիւալակեաններու կողմէ
Կարապետ եւ Արուսեակ Շիրինեաններու
Ալեքսան եւ Խանըմ Ճիւալակեաններու յիշատակին
—————————————–
San Francisco
ARS Garin Chapter
——————————————-