ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԻ ՀԱՅԵԼԻԻՆ ՄԷՋ
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցը, որ հայութեան հաւաքական գոյութիւնը հարցականի տակ դրած իրադարձութեան յիշատակումն է, մեր պատմական գործընթացի իմաստաւորման եւ ուղղուածութեան ներքին համախոհութեան մը մասին մտածելու առիթը ստեղծեց չորս տարի առաջ, երբ հայ-թրքական փրոթոքոլներու սառեցման որոշումին յաջորդեց Հարիւրերորդ Տարելիցը միասնականօրէն նշելու նախաձեռնութիւնը իր բոլոր կոնկրետ քայլերով:
«Միասնականօրէն»ը ընդհանրապէս կը հասկցուի որպէս Հայաստան-Սփիւռք, բայց խորքին մէջ մեր աշխարհագրական, մշակութային թէ այլ իրականութիւնը «ազգային միասնականութեան» այդ պարզացուած հասկացողութենէն շատ աւելի բարդ է: Կը մնայ որ Հարիւրերորդ Տարելիցը կրնար եւ միասնականօրէն չնշուիլ, կրնար եւ ոչ իսկ որոշում ըլլալ այդ ուղղութեամբ, եւ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ ծրագրուած յիշատակումները բա-ցայայտէին Հայաստան-Սփիւռք երկփեղուածութենէն շատ աւելի պառակտուած, բեկորուած ազգային իրականութիւն մը, որուն հաւաքական ինքնութիւնը արդէն ո՛չ միայն հարցականի տակ դրուած կ՛ըլլար, այլ շատ հաւանաբար, իմաստ ունենալէ իսկ կը դադրէր եւ հայ ըլլալու որոշումը կը վերածուէր ոչ մէկ յանձնառութիւն ենթադրող եւ անտարբերութեան մատնուելու դատապարտուած պատահականութեան մը: Խօսքը կը վերաբերի անշուշտ, 2008-2009 փրոթոքոլեան վտանգաւոր բախտախաղի սեղանին շուրջ թրքական«պլըֆը» դիմագրաւելու փորձութեան, որու արդիւնքը կրնար ամէն եւ իւրաքանչիւր հայորդիի հրաւիրել Կարօ Մեհեանական «Կը հրաժարիմ»ի կամ Շառլ Ազնաւուրի երգի հետեւողութեամբ «Սեղանէն հեռանալ գիտնալու» (Il faut savoir quitter la table…) (ան)իմաստութեան… Փրոթոքոլները թերեւս կրնային Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալ եւ Հայաստանի տնտեսութիւնը ծայրայեղօրէն խոցելի դարձուցած ազատ շուկայական համակարգի օրուան եւ միշտ առկայ պայմաններուն մէջ, ե՛ւ հարուստներուն աւելի հարստացնել, ե՛ւ արտագաղթի ճամբան բռնած գործազուրկին Ռուսիոյ այլընտրանք մը տալ յանձինս աշխարհագրականօրէն աւելի մօտ «Անատոլու»ին: Բայց վստահաբար պիտի յանգեցնէին հայոց պատմութեան աւարտին՝ Սթալինի եւ Քեմալի որոշած երեսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւնը որպէս հայրենիք, ուր կարելի է Էջմիածին-Գառնի-Գեղարդ-խորոված զբօսաշրջիկութեան մասին մտածել, բայց չկարենալ այն տեսնել Րաֆֆիի «Խեն»չին Երազին գոյներով: Այդ մղձաւանջէն արթնցանք բարեբախտաբար:
Արթնցանք, որովհետեւ այն ժամանակ Սփիւռքէն բարձր հնչեց «ո՛չ, հազար անգամ ո՛»չը եւ անոր անմիջապէս արձագանգեց հայրենի հայութեան այն լայն հատուածը, որուն թմրամոլորելու չէին յաջողած հայ-թրքական սահմանի
Ճիշդ է, կը գրենք թէ փրոթոքոլային մղձաւանջէն դուրս եկած ենք, կը մնայ վերջին արժանապատիւ եւ պարզ քայլ մը ի դէմս ստորագրութիւններու ետ կանչումին, բայց կը շարունակենք յիշել այն ցաւը, որ Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլային երկու մրցումները պատճառեցին եւ ո՛չ թէ Հայաստանի հաւաքականի կրած թերեւս սպասելի պարտութիւնն երուն համար, այլ հաւաքականի շապիկին վրայէն Արարատի խորհրդանիշը հանելու անբացատրելի որոշումին համար: Եւ թերեւս արդար չէ գինիին լեղի խառնել, երբ ամէն պատճառ ունինք հաւատալու որ անցնող հինգ տարիներու գործընթացը, որոշում փրոթոքոլներու էջը վերջնականապէս դարձուած ըլլալու փաստը կու տայ, երբ 29 Յուլիս 2014ին ի լուր աշխարհի ընթերցուած Հռչակագիրը կը բացայայտէ Հայ Դատի նկատմամբ պետական յանձնառութիւն մը, որ իր բնոյթով անկիւնադարձային է անկախ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղուածութեան ճշդորոշման իմաստով: Աժան ցինիզմ չէ այս, այլ՝ մէկ կողմէ զգաստութիւն այն վտանգին, ուր հասցուցած էր փրոթոքոլային գրաւը, եւ միւս կողմէ զգուշութիւն՝ ի դէմս եթէ ոչ Հռչակագիրին նախաձեռնութիւնն ու յանձնառութիւնը վերցուցած այս իշխանութիւններու ետդարձի կարելիութեան, որ սխալ չէ ենթադրել որ բացառուած է, այլ գոնէ՝ տնտեսա-հասարակական համակարգի մը որու օլիկարգային բնոյթը, այսինքն՝ հարստութեան այսքան անհաւասար բաժանումն ու իրավիճակի պահպանման շահախնդրութիւնը, պատճառ կրնայ դառնալ որ ազատ-շուկայականութեան բախտախնդիրներու աճպարարութիւնները հայ-թրքական սահմանի բացման ենթադրեալ բարիքներուն մասին կրկին անգամ Հաւատամքի վերածուին:
Այս յստակացումը անհրաժեշտ է Հարիւրերորդ Տարելիցի նախօրեակին որպէսզի ոչ ոքի մտքէն իսկ անցնի, որ այս տողերը ինչ որ համակրանքային արտայայտութիւն են «հարիւրամեակ առանց ռեժիմ»ի շուարում-մոլորումին, բայց նաեւ չեն նշանակեր որ Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի հրամայականի ընդունումը ինքնըստինքեան լուծում կը բերէ հայրենի ժողովուրդի դիմագրաւած ընկերա-տնտեսական ծանր պայմաններուն: Հռչակագիրը պատմական անկիւնադարձ է, բայց համակարգային արմատական բարեփոխութիւնը կը մնայ նոյնքան հրամայական հաւաքական ապագայ ապահովելու նախանձախնդրութեան համար: Եւ այդ համակարգային բարեփոխութիւնը, եթէ իրականանայ այն արմատականութեան տարողութեամբ որ ինքզինք կը պարտադրէ Հայաստանի եւ հայութեան ներքաղաքական օրակարգին վրայ, ինքզինք կ՛արդարացնէ միայն, երբ օլիկարգային ամէն ուղղակի թէ անուղղակի առանձնաշնորհումները վերցուին եւ հարստութեան աւելի արդար բաժանումով աշխատաւոր դասակարգի կենսական պայմանները կտրուկ բարելաւուելու սկսին:
Անգամ մը որ յստակ կը դառնայ, որ հակասութիւն չկայ Հռչակագիրի գործընթացը սկսած ու իր աւարտին հասցուցած իշխանութիւններուն այս քայլը բարձր գնահատելու, եւ միեւնոյն ժամանակ համակարգի արմատական բարեփոխումի պահանջէն ոչ մէկ ձեւով զիջելու սկզբունքային կեցուածքներուն միջեւ, կարելի է անվարան յայտարարել, որ Հարիւրերորդ Տարելիցը, անկախ համաշխարհային մասշտապով յիշատակումներու ենթադրած մարտահրաւէրէն, իր քաղաքական լիցքաւորումը գտած է Հռչակագիրով: Այն առաջին հերթին իրաւամբ «փոխլրացուց»ջչ փաստաթուղթ է Անկախութեան Հռչակագիրին, ինչպէս կը բանաձեւէ Ազդակ օրաթերթի 24 Մարտ 2015ի «Հռչակագիրները՝ փոխլրացուց»ջչ ակնարկը ջրելով Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին Համահայկական Հռչակագիրը դատապարտող եւ Անկախութեան Հռչակագիրին հակասող յայտարարութիւններուն տկար տրամաբանութիւնը: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ընդդիմութիւնը Հռչակագիրին սոսկ ենթակայական յամառութիւն մը չէ: Անոր նախկին գործակիցներն ու ատենին Հայոց Համազգային Շարժման լիպերալիզմի գաղափարախօսները իրենց կարգին նոյն իմաստով բազմաթիւ հրապարակային ելոյթներ ունեցան: Ինչ որ խօսուն է հայութեան մէջ նաեւ տարակարծութեան առկայութեան, հաւաքական ինքնութիւնն ու լինելութիւնը տարբեր հասկնալու հակումներու: Ընդվզեցուցիչ կրնայ ըլլալ այդ հակումներու շարունակութիւնը առաջին կառավարութեան՝ ոչ այնքան գովելի ընթացաւարտէն ետք: Բայց այս առկայութեան մէջ պէտք է տեսնել ժողովրդավարութեան եւ ազատ խօսքի ամրագրման դրական երեւոյթը: Թէ այդ հակումներու ջատագովները փոքրամասնութիւն են՝ կասկած չկայ: Փաստ է, որ Անկախութեան Համահայկականացումը ի դէմս Հարիւրերորդ Տարելիցի Հռչակագիրին գերադասած է Անկախութեան Հռչակագիրի Հայաստանափակման եւ Սփիւռքի անտեսման ճիգերուն:
Կրնար եւ անոր հակառակ կացութիւնը ստեղծուէր եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանական տեսլական-ծրագիրը Հայաստանի ու հայութեան համար իրենք զիրենք պարտադրէին որպէս մեծամասնութիւն: Բայց այն ժամանակ այս բոլորին մասին գրելու ճիգը իմաստ չէր ունենար…
Համահայկական Հռչակագիրը պետութիւնը յանձնառութեան տակ կը դնէ հատուցումներու փաթեթ մը պատրատելու եւ այն ներառելու արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ: Այս իմաստով, Հռչակագիրը կու գայ կոնկրետացնելու 1998ին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարա
կանին յաջորդած նոր իշխանութիւններուն քայլը, որով եւ Ցեղասպանութեան հարցի ընդգրկումը պետական օրակարգին անցած էր: Բայց այդ մէկը մնաց բացառապէս յայտարարական բնոյթի եւ գործնական քայլերու չառաջնորդեց:
Այդ մէկը Հռչակագիրի մեծ խոստումներէն մէկն է եւ փաստօրէն, 27 Մարտ 2015ին ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովէն ներս հայկական դիւանագիտական ակտիւացման արդիւնքով անցած ցեղասպաններու կանխարգիլման բանաձեւը յատկանշական փոփոխութիւն- յառաջընթաց է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գործընթացին մէջ: Նախաձեռնութիւնը կրնայ այդ բանաձեւով ալ իր նպատակին հասած ըլլալ եւ հետեւանք չունենալ: Բայց կարելի է նաեւ անոր հիման վրայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցով յանձնառու երկիրներուն հետ հաւաքական ճակատ մը կազմել եւ ներդրում ունենալ. օրինակի համար, պաշտպանելու համար պատասխանատուութիւն սկզբունքի գործնականացման համաշխարհային գործընթացին, որպէսզի այս վերջինը մենաշնորհը չըլլայ միայն Միացեալ Նահանգներու եւ իր արեւմտեան դաշնակիցներուն:
Սակայն եթէ Համահայկական Հռչակագիրին մէջ պետութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան այս
սարակութեան, համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ իւրաքանչիւր հայորդիի ընդհանրապէս: Հռչակագիրով ճշդուած «անհատական, համայնքային եւ միջազգային» մակարդակները բաց մարտահրաւէր են պահանջատիրական պայքարի ոչ միայն մասնակցութեան, այլ՝ անոր սահմանման եւ արծարծման ամէն ստեղծագործ ներդրումի: Ցեղասպանութեան հարցի հրապարակային արծարծումը բառին ամբողջական իմաստով համակարգային բարեփոխութեան գործընթացի մէջ կը դրուի եւ անոր արդիւնաւորման պատասխանատուութիւնը համազգային է, ուր ե՛ւ պետութիւնը, ե՛ւ քաղաքացիական հասարակութիւնը Հայաստանի թէ Սփիւռքեան համայնքներուն մէջ, իրենց բոլոր ներկայացուցչական հաստատութիւններով, ե՛ւ անհատ հայորդիներ իրենց բաժինը ունին: Համակարգային այդ բարեփոխութիւնը կ՛ենթադրէ հրապարակային ելոյթներու բառապաշարներու եւ բանաձեւումներու նորարարում, դաստիարակչական ծրագիրներ նորահաս սերունդի պատրաստութեան համար եւ ներհամայնքային թէ արտաքին աշխարհի յարաբերութիւններու, քաղաքական դաշինքներու թէ Ցեղասպանութեան հարցի արծարծման ձեւերու վերանայում: Ուղեցոյցը ընդհանուր իմաստով կրնայ պետութեան պատրաստած փաթեթը ըլլալ, եւ վստահաբար անոր գործնականացման մէջ քաղաքացիական հասարակութեան, համայնքներու թէ անհատներու մասնակցութիւնը իր տեղը պիտի ունենայ: Բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ քաղաքացիական հասարակութիւնը ընդհանրապէս եւ Սփիւռքեան համայնքային կազմակերպութիւնները մասնաւորապէս իրենց առաջարկները պիտի չբերեն: Ի դէպ, ցեղասպանութեան հարցի արծարծման ակտիւացումը չէ որ կը պակսի: Հռչակագիրէն բխող առաջարկը այդ ակտիւութեան ուղղուածութեան ճշդորոշման եւ համակարգման կը վերաբերի: Այս իմաստով ալ Համահայկական Հռչակագիրը Ցեղասպանութեան յաջորդող արդէն հինգերորդ սերունդին հաւաքական ինքնութեան եւ լինելութեան ուղեցոյց փաստաթուղթ մըն է նաեւ: Այնպէս ինչպէս Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցը նոր սերունդի կերտման ուղի ճշդած էր…
Հետեւաբար, արժէ պատմական այս երկու պահերը՝ յիսունամեակ եւ հարիւրամեակ իրարու հետ բաղդատել՝ հինգերորդ սերունդի պատրաստութեան մասին որոշ գաղափար մը ունենալու նպատակով: Բաղդատել, անշուշտ, կը նշանակէ նկատի ունենալ պատմական պահերու հիմնական տարբերութիւնը, ուր առաջին հերթին պետական ազդակին կարեւորութիւնը մէջտեղ կ՛ելլէ: Դժուար չէ հասկնալ պետական ազդակին առաւելութիւնը երբ միջազգային յարաբերութիւններու մասին կը խօսինք: Փաստօրէն, 1965-1985 տարիներու Հայ Դատի պայքարի ամենաթէժ ճակատներուն վրայ եղած սփիւռքեան, բայց նաեւ հայրենի, երրորդ սերունդին համար Հայաստանի անկախացումը իր հետ պիտի բերէր ակտիւ պետութիւն մը նաեւ Հայ Դատի պայքարին մէջ: Բայց զգոյշ պէտք է ըլլալ պետութեան «ֆեթիշականացումէն» փոխառնելով Յակոբ Պալեանի սիրած յղացքներէն մէկը…առաջին հերթին՝ այդ պետութիւնը կրնար եւ ստեղծուիլ ժխտելու համար Հայ Դատի հարցերը պետական արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին անցընելու առաջարկը, ինչպէս որ եղաւ փաստօրէն եւ, եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանականութիւնը այլընտրանք ըլլայ կրկին, կրնայ կրկնուիլ: Երկրորդ՝ աշխարհին մէջ պետութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթային ըլլալ բայց որոշ հարցերու մէջ քաղաքացիական հասարակութենէն նուազ առաւելութիւններ ունենալ: Եւ երրորդ՝ որքան ալ Հարիւրերորդ Տարելիցը այսօր ամենաաչքառու իրադարձութիւնը թուի, պետութիւնը երկրի եւ հասարակութեան դիմագրաւած ամենաանմիջական մարտահրաւէրներուն պատասխան տալու հիմնական պատասխանատուութիւնը ունի առաջին հերթին: Իսկ այդ պատասխանատուութիւնները
ատրպէյճանական սպառնալիքէն մինչեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւն եւ երկրի ըն կերատնտեսական պայմաններու վատթարացում, չեն պակսած հակառակ որ ամէն ուշադրութիւն ուղղուած է Հարիւրերորդ Տարելիցին: Այս մէկը չի նշանակեր գործերու յստակ բաժանագիծ պետական եւ ոչ-պետական նախաձեռնութիւններուն մէջ, այլ՝ անոնց համակարգման լարուած ճիգ նախընտրաբար մասնագիտական եւ ոչ թէ սիրողական մակարդակով: Աւելի՛ն, յիսունամեակով քաղաքական պայքարի բեմահարթակ եկած սերունդին սխրանքը թերեւս կը բացատրուի անկախ պետութենէ զուրկ ըլլալու եւ յարաբերական իր ճիգերուն եւ քաղաքականութեան մէջ անխուսափելիօրէն ինքզինք գերազանցելու անհրաժեշտութեամբ, որուն ռիսկը յոգնածութիւնն է…Երրորդ սերունդի պայքարը նաեւ հայրենի քաղաքացիական հասարակութեան եւ Սփիւռքի համայնքներու համագործակցութեամբ չեղաւ ընդհանրապէս: Նման համագործակցութեան պայմաններ չկային, որքան ալ 1970ական թուականներուն Սփիւռքի եւ հայրենի յանձնառու մտաւորականներու մերձեցումը փաստացի իրողութիւն է: Համահայկական Հռչակագիրը հրաւէր է եւ դիւրացում՝ Սփիւռք-հայրենիք համարկման մեծ օրակարգին:
Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագիրի հայելիին մէջ նայելով չեն կրնար անտեսել արտացոլումը քանի մը բաց վէրքերու, որոնք անհրաժեշտ կը դարձնեն նախ առողջ ինքնաքննադատութիւնը , ապա անոնց ապաքինման մեր նպաստումին հրամայականը:
Այդ հարցերէն առաջինը՝ թրքական բարբարոսութեան ամենազզուելի ձեւին՝ բռնաբարման զոհ գացած եւ վերապրած հայուհիներու հանդէպ անարդարութիւնը երբ անոնք իրենց դաջուածքներով վերադարձան հայութեան գիրկը, ուր եւ երկրորդ անգամ ըլլալով զոհ եղան անհասկացողութեան, խտրական վերաբերումի եւ դատապարտուեցան իրենց դառնութեան թոյնով ապրելու մինչեւ վերջ: Ճիշդ է, եթէ հայ կնոջ ճակատագրին մասին չըլլային Սիւզան Խարտալեանի վաւերագրական ժապաւէնն ու Ռուբինա Փիրումեանին, Սոնա Զէյթլեանին եւ այլոց արդէն գիտական ուսումնասիրութեան ամբողջ դաշտ մը ստեղծած գործերը երեւոյթը պիտի մատնուէր մոռացութեան, ինչպէս էր պարագան Ցեղասպանութեան յաջորդած գրեթէ ինը տասնամեակին:
Բայց այս ինքնաքննադատութիւնն ու Ցեղասպանութեան կրկնակի զոհ հայ կնոջ հանդէպ արդարահատոյցը՝ զանոնք դուրս բերելով մոռացութենէն միայն առաջին քայլ մըն է:
Իրական արդարահատոյցը պիտի գայ հայկական իրականութեան մէջ կնոջ իրաւունքներու յարգանքով, անոր ազատագրման նպաստելով եւ, ընդհանրապէս, կնոջ հանդէպ խտրականութիւնն ու անոր ամենադատապարտելի երեւոյթը՝ բռնութիւնն ու բռնաւորներու անպատժելիութիւնը վերացնելով:
Երկրորդ, Հռչակագիրի թելադրութեամբ Սփիւռք հայրենիք համարկման գործընթացին մէջ ազգովին դէմ յանդիման պիտի գանք ազգային շատ աւելի նուազ միատարրութեան եւ մշակութային թէ կրօնական իմաստով բազմազանութեան: Խօսքը կը վերաբերի հիմնականին մէջ բռնի կերպով թրքացած եւ իսլամացած հայերու ժառանգ սերունդի բացայայտման եւ հայութեան գիրկ վերադարձին: Այդ մէկը եւս պիտի թելադրէ եւ նոյնիսկ պարտաւորեցնէ աւանդական դարձած ազգայնական պահպանողական մտածողութեան վերատեսութիւնը: Ինքնութեան այլազանման վա՞խ, թէ՝ շատ աւելի հանդուրժողական ազգայնութիւն մը, ուր բազմազանութիւնը կ՛արժեւորուի որպէս հարստութիւն…
Երրորդ, իւրայատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձուի 21րդ դարու հայութեան մէջ իր տեղը վերագտնող Պոլսոյ եւ պոլսահայութեան երբ հատուցումներն ու անոնց արծարծման պահանջատիրական պայքարը վերածուի քաղաքական առօրեայի: Ի՞նչ ընկալում եւ ի՞նչ հակազդեցութիւն պիտի առաջացնէ այն թրքական պետութեան ուշադրութեան կիզակէտին գտնուող պոլսահայութեան մօտ. հարցում մը, որուն պատասխանը կամ պատասխանները, նաեւ պատասխանատու վերաբերմունքի կարիքը հայութեան մնացեալ հատուածներուն եւ պետութեան մօտ:
———————————————————————————————-
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ

Թող Իրականանայ
Ձեր Կիսատ Մնացած
Երազը
Աբօ Սաղտըճեան
եւ դուստրը՝ Նայիրի
Ֆրեզնօ
———————————————————————————————-