ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցալուծման աջակցելու առաքելութիւնը դրուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն վրայ, եւ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միայն քաղաքական ուղիով, խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:
«Արմէնփրէս»ի եւ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտըրս: «Հակամարտութեան ռազմական լուծումը բացառուած է. անիկա պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ, միայն քաղաքական բանակցութիւններու ձեւաչափով», ընդգծած է նախարարը։
Ան դիտել տուած է, որ ներկայ դրութեամբ կան առաջարկներ՝ սահմանի կամ շփման գիծի երկայնքով տեղի ունեցող միջադէպերուն վերջ տալու համար: Նախարար Ռէյնտըրսի համաձայն՝ հակամարտութիւնը պէտք է ստանայ այնպիսի հանգուցալուծում, որ ընդունելի ըլլայ բնակչութեան համար: Ան նաեւ յայտնած է, որ՝ որպէս Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահ, իր նպատակն է բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Մինսկի խումբի դերին վրայ, եւ բանակցութիւններու միջավայր ստեղծել նաեւ ԵԽԽՎ հայաստանեան եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւններուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.