Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է նաեւ Ռումանիոյ խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբը: «Ապրիլ 24ին կ՛ամբողջանայ 1915ին, Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ հայերու դէմ կոտորածի 100ամեակը, որ պատճառեց 1.2 միլիոն մարդկային զոհեր: Մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութիւնը պիտի չմոռցուի, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանսիս պապը, որովհետեւ անիկա «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է, եւ նախորդած է նացիներու եւ Ստալինի կողմէ իրագործուած այլ ցեղասպանութիւններուն», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
«Թէեւ Թուրքիան մինչեւ այժմ չէ ճանչցած Ցեղասպանութիւնը, սակայն թրքական կառավարութեան անդամները՝ Թալէաթ փաշայի գլխաւորութեամբ, գաղտնի կերպով գործի լծած են հայերու ոչնչացման ծրագիրը: Ապրիլ 15ին, Եւրոխորհրդարանը եւրոպական բոլոր մեծ կուսակցութիւններուն աջակցութեամբ որդեգրեց ոգեկոչման վերաբերեալ որոշումը, որ կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու միջոցով Հայաստանի հետ հաշտութեան ուղի բանալու: Առաջին անգամ Եւրոխորհրդարանի որոշման միջոցով 1915-1917ին Օսմանեան կայսրութեան հայերուն դէմ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները կը բնորոշուին իբրեւ ցեղասպանութիւն: Ինչպէս որ Ռումանիոյ մէջ կը յիշատակուի Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին հրեաներու եւ գնչուներու ողջակիզումը, եկած է ժամանակը Ռումանիոյ մէջ նշելու նաեւ Հայերու Ցեղասպանութիւնը, ներառեալ՝ օրէնսդրական նախաձեռնութեան ձեւով Ապրիլ 24ը «Մարդկութէան դէմ ցեղասպանութեան յիշողութեան օր յայտարարելու միջոցով», առաջարկած է յանձնախումբը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.