ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բայց եւ 130,000ի պարգեւած բարիքներէն առաւելագոյնս պէտք է օգտուիլ՝ յանուն մեր ընդհանուր նպատակներուն:
Կասկած չկայ, որ Արդարութեան Քայլարշաւէն ետք այս համայնքը ինքնավստահութեան նոր մակարդակ մը նուաճեց ու մէջքը ամուր զգալով, կրնայ յառաջ շարժիլ, պատրաստ՝ դիմագրաւելու ամէն դժուարութիւն:
Կասկած չկայ նաեւ, որ Հայ Դատի յաձնախումբի տարիներու քրտինքով ապահովուած հայ համայնքի քաղաքական վարկն ու ազդեցութիւնը ստացաւ ուժեղ ներարկում մը, որուն հետագայ արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց օգտագործումը կը ծանրանայ նոյն յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ համայնքին մէջ գործող բոլոր հիմնական կառոյցներու ուսերուն:
Արդարեւ, մեր միջավայրին մէջ նուազագոյն փառասիրութիւն ունեցող ոեւէ քաղաքական գործիչի, քաղաքական պաշտօնի ձգտող անձնաւորութեան համար յստակ դարձաւ, թէ ինչ հզօր հնարաւորութիւն ունի հայութիւնը այս քաղաքին մէջ: Աւելի խոր վերլուծողին համար պարզ կը դառնայ նաեւ, որ այս քաղաքի հայութեան ազդեցութեան դաշտը շատ աւելի լայն է ու կը հասնի դաշնակցային սահմաններ: Ուրեմն, հիմա մեզ դարպասող քաղաքական պաշտօններու ձգտող թեկնածուները անպայման պիտի շատնան, իսկ մենք աւելի ծանրակշիռ խնդիրներով անոնց դիմելու բոլոր հիմքերը արդէն ունինք: