ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ-ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Լոս Անճելըսահայութեան երիտասարդութեան կարեւոր մէկ մասը ոտքի կանգնած կը մասնակցէր քայլարշաւին, անսալով ամէն բանէ առաջ իրենց ներքին արեան ձայնին. եկած էին բռնցքուելու յանուն մեր մէկ ու կէս միլիոն անթաղ մեռելներու հոգիներուն, միաժամանակ իրենց աղաղակները միախառնելու աշխարհացրիւ բոլոր հայորդիներու կանչերուն եւ միահամուռ ոգիով, մէ՛կ մարդու նման ծառանալու Ցեղասպան թուրքին եւ բոլոր ուրացողներուն դիմաց:
Համազգայինն ալ իր կարգին, բոլոր այլ կազմակերպութիւններուն նման, նախօրօք կոչ ուղղած էր իր բոլոր անդամներուն, մասնակից դառնալու եւ խնկելու բոլոր նահատակներուն, բայց յատկապէս մշակութային եղեռնի անփոխարինելի կորուստներուն յիշատակին, որ իրաւամբ աղէտալի էր մեր ազգին համար: Այնպիսի աղէտ մը, որ 100 տարի անց տակաւին կը մորմոքէ հայուն ներաշխարհը: Աղէտ մը, որ իր յորձանուտին մէջ առած էր Վարուժանն ու Սիամանթօն, Ռուբէն Սեւակն ու Գրիգոր Զօհրապը, գանձեր, որոնք երբեք յաջորդներ չունեցան, կարծէք Եղեռնի հետեւանքով հայ մօր արգանդն ալ դարձած էր վիրաւոր ու խոպան:
Քայլարշաւ-յաղթարշաւի մասնակիցներուն մէջ կը գտնուէին վերապրումի գոյամարտէն ծնած իրերայաջորդ սերունդներու տարբեր ներկայացուցիչներ, որոնք ուս-ուսի տուած, հպարտ ու անյողդողդ քայլերով կը թնդացնէին Լոս Անճելըսի երկնակամարը իրենց պահանջատիրական կանչերով եւ խրոխտ շքերթով: Անոնք իրենց շլացուցիչ երթով ձեռնոց կը նետէին եւ մարտահրաւէր կը կարդային բոլոր ուրացողներուն, յատկապէս Թուրքիոյ եւ իրեն հետ սիրաբանող պետութիւններուն, որոնք մեղսակից էին ուրացման անպատուաբեր քաղաքականութեան: Ցարդ՝աշխարհի 260 երկիրներէն միայն 21ը, իսկ Ամերիկայի Նահանգներէն միայն 43ը ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը, իսկ մնացեալը տակաւին ձեռնածալ կը մնան անարդարութեան դիմաց:
Ապրիլ 24, 2015ին հայութիւնը պատմութեան նոր հանգրուան մը թեւակոխեց, յանուն մեր ազգի ասպետական ու միասնական պահանջատիրութեան քայարշաւին, որ իր անդրադարձը ունեցաւ հեռատեսիլի տեղական կայաններէն մինչեւ մամուլի զանազան էջերուն վրայ պատկերուող ծովածաւալ բազմութեան, ու երկնամբարձ ծածանող եռագոյն դրօշներու եւ լոզունգներու անթիւ անհամար պաստառներն ու ցուցանակները, որոնք տիրական էին ու գերիշխող Լոս Անճելըսի բազմահարիւր լեզուներու բազմազգեան խառնիճաղանճին մէջ:
Այս ամէնուն զուգորդուած սրտառուչ ելոյթներու շարանը. Վերապրողներու ականատեսի վկայութիւններն ու զգայացունց փորձառութիւններու յիշատակարանը, յուզումնախառն ալիքով մը վարակեց բոլոր անոնց, որոնք հասակ առած էին Տէր Զօրէն հազարաւոր մղոններ ասդին, ու ականջալուր կը դառնային այդ կենսափորձը ապրած վերապրողներու նկրտումներուն: Վկայութիւններ, որոնք անպայման պիտի քանդակուին ցուցարարներու յիշողութիւններու պաստառներուն վրայ իբրեւ անմոռանալի վերյուշ. անոնք իրենց կարգին պիտի վկայակոչեն 101տարեկան Եւնիկէ Սալիպեանին սրտի խօսքն ու հայօրէն ապրելու թելադրանքն ու կոչը: Հայ մամիկն ու հատ ու կենտ իր նմանները աշխարհի երեսին շնչող վերջին նշխարներն են, որոնք հրաշքով հասած են 21րդ դար ու հրաշքէն ալ անդին, ազգին թանգարանային հարստութիւններն են իրենց արժէքով ու կշիռով. վկա՛յ բոլոր այն դիմանկարները, որոնք այսօր ցուցադրուած են Լոս Անճելըսի Տաուն Թաուն«ջկրէնտ Փարքին մէջ ու իրենց խորիմաստ արտայայտչականութեամբ Եղեռնը կը վերծանեն մարդկութեան ու աշխարհին:
«Ասպարէզ»ի Ցեղասպանութեան նուիրուած 100ամեակի բացառիկը կուգար ամբողջացնելու ոգեկոչական ձեռնարկներու վերջին արարը: Հոն տեղադրուած էին ապրումներ, փաստարկներ, յիշատակարաններէ փրցուած էջեր եւ հերոսապատում դրուագներ: Այդ բոլորը կոթողական արժէք պիտի ներկայացնեն յաջորդող սերունդներուն: Յետ եղեռնեան գրականութեան գլուխ-գործոց Յակոբ Օշականի «Մնացորդացը» անգլերէնի թարգմանուելու աւետիսը յուսադրիչ է, գօտեպնդո՛ղ: Ի վերջոյ, շատեր պիտի կարենան հաղորդուիլ Եղեռնէն ճողոպրած մնացորդացին ճակատագիրի պատմութեան, որ այնքան ալ չէ բացայայտուած մեր գրականութեան մէջ: Տակաւի՛ն, չյիշուելու յաճախանքէն ահաբեկ՝ «Արդեօք սերունդները պիտի յիշե՞ն մեզ, պիտի գիտնա՞ն, որ Դանիէլ մը կար» արդարօրէն մտահոգ Դանիէլ Վարուժան կը զրուցէր իր գրչակից Ռուբէն Սեւակի հետ, Չանղըրըի բանտին մէջ:
Սերունդները նոյնիսկ դար մը ետք ապացուցեցին, որ տէրն են նահատակներու արդար դատին. այդ պահանջատէ՛ր, բռնցքուող ու օդին մէջ ճօճուող ձեռքերը թելադրական թաքուն ուժ մը ունէին իրենց մէջ ու ցուցանիշ էին նոր սերունդի հոգիներուն մէջ եռեւեփող ազգային ոգիին եւ գիտակցութեան: Հակառակ այն իրողութեան, որ անոնցմէ շատեր հայրենիքը տեսնելու բախտին չէին արժանացած, ո՛չ ալ հայկական վարժարան յաճախելու պերճանքը վայելած էին, սակայն իրենց կը վերապահէին մեր արդար դատը, ազգին ճակատագիրը իրենց բազուկներուն վստահելու արդար պատիւը:
Փա՜ռք հայ ազգին, որ ջարդերէ ու նախճիրներէ վեր յառնելու եւ ապրելու ներոյժը կը կրէ իր մէջ:
Փա՜ռք այն մամիկներուն, պապիկներուն եւ ծնողներուն, որոնք իրենց դեռատի զաւակներուն ձեռքերէն բռնած առաջնորդեցին զիրենք դէպի այն խաչմերուկը, որ վկայակոչուեցաւ իբր Հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու հրապարակ:
Ու հազա՛ր փառք հայ ժողովուրդին, որ օժտուած է նոր Հայաստաններ ստեղծելու եւ հայրենի նոր ովասիսներ յայտնաբերելու բացառիկ կամքով եւ գոյատեւումի վճռակամութեամբ:
Ու այս օրերուն, կարելի չէ չմտաբերել Տէր Զօրն ու իր աւազներուն մէջ անթեղուած նահատակներու աճիւնները: Նախապէս անապատային անեզր տարածք ու ապա՝ վերջին 30 տարիներու ուխտավայր, շնորհիւ այն մատուռին, որ կանգնեցաւ յանուն անգերեզման մնացած նահատակներու յիշատակին: Աշխարհի չորս կողմէն ուխտաւորներ, պատմագէտներ, հայ թէ օտար զբօսաշրջիկներ մնայուն այցելուներն էին այդ ուխտավայրին: 198Օական թուականներու սկիզբը,Գարեգին բ.վեհափառը ( յետագային ամենայն Հայոց Գարեգին Ա.) Ապրիլեան օր մը հիմը դրաւ այդ մատուռին ու խուռներամ հաւատացեալ բազմութեան մը ներկայութեան, ծնկաչոք յառաջացաւ դէպի մատրան մուտքի դրան, յանուն մեր անմեղ նահատակներու արեան: Բազմահարիւր հայորդիներ այդ օր ուխտեցին մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին կոթողել այդ յուշարձան մատուռ-համալիրը: Այդ մատուռին մէջ ամփոփուեցան նահատակներու աճիւններէն մասունքներ, պատմական արժէք ներկայացնող լուսանկարներ, Ցեղասպանութեան գրականութիւն եւ վաւերագրական տեսաերիզներ, ու քիչ մը ամէն բան. խունկ, Աղօթք, պատարագ ու երգ:
Այդ սրբակեդրոնն ալ քանդեցին ու հրոյ ճարակ դարձուցին թուրքերը, ինչպէս Հալէպի Ս.Գէորգ եկեղեցին ու այլ ազգային հաստատութիւններ:
Այդ յուշակոթողը Ցեղասպանութեան վկայարան մը ըլլալէ անդին, իր խաչքար համալիրով խորհրդանշական շիրմաքար էր ու մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու անպաճոյճ պանթէոն:
Մեզի կը մնայ տակաւին ՅԻՇԵԼ Ու ՊԱՀԱՆՋԵԼ կառչած մեր ոգեղինացած էութեան: Մեր ազգը բազմիցս ապացուցած է իր վերընձիւղման, վերապրումի հզօր կամքը: Հարկ է առաջնորդուիլ այդ ոգիով, այդ մոգական խորհուրդով ներշնչել մեր զաւակներն ու թոռները ու իրենց մէջ ներարկել մեր ազգամշակութային գանձարանին տէր կանգնելու խանդն ու աւիւնը. ու այն ատեն պիտի տեսնենք, թէ այս անգամ դէպի Ծիծեռնակաբերդ ջահերով շքերթի պիտի ելլեն ո՛չ միայն նահատակներու հոգիներուն յիշատակման, այլ նաեւ յաղթերգութեան շեփորումով՝ յաղթարշաւով: