ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 29 Ապրիլին Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ գիւղին մէջ ներկայ գտնուած է ժենգեալով հացի փառատօնին:
Նախագահ Սահակեան յոյս յայտնած է, որ փառատօնը պիտի դառնայ աւանդական՝ զայն արժեւորելով ազգային սովորութիւնները պահպանելու ու տարածելու եւ զբօսաշրջութիւնը խթանելու տեսանկիւնէ:
Նախաձեռնութեան մասնակցած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, պաշտօնատար այլ անձեր, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.