ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «ՄըքՔլեչի».- Եմէնի վրայ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ շարունակուող զինուորական գործութիւններուն պատճառած ցնցումները Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29ին Ռիատ հասան, երբ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը յանկարծական փոփոխութիւններ կատարեց միայն քանի մը ամիս առաջ իր կողմէ նշանակուած քաղաքական վերնախաւին մէջ։ Քաղաքական մեկնաբաններու համաձայն՝ փոփոխութեանց գլխաւոր դրդապատճառը Եմէնի տագնապին շուրջ տարակարծութիւնները եղած են։
Թագաւորը ներքին գործոց նախարար Մուհամմատ պըն Նայէֆ իշխանը նշանակեց գահաժառանգ, այդ պաշտօնէն հեռացնելով իր խորթ եղբայրը՝ Մուրքինը։ Թագաւորը նաեւ գահաժառանգի տեղակալ նշանակեց իր զաւակը եւ պաշտպանութեան նախարար Մուհամմատ պըն Սալմանը։
Յատկանշական էր նաեւ 1975էն ի վեր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարող Սէուտ Ֆայսալ իշխանի իր պաշտօնէն հեռացումը:
Միւս կողմէ, սէուտցի զինուոր մը սպաննուեցաւ եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան, Եմէնի եւ Սէուտական Արաբիոյ սահմանին տեղի ունեցան բախումներուն ընթաց-քին: Սէուտական ապահովական աղբիւր մը յայտնեց, որ զինուորը սպաննուած է սահմանին վրայ հուսիներու «Անսարուլլահ» շարժումին հետ հրացանաձգութեան մը ընթացքին: Մինչ այդ, սէուտական բանակը ռմբակոծեց սահմանամերձ շրջանները, մասնաւորաբար՝ Սաատան:
Քաղաքական գետնի վրայ, Եմէնի հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Ճամալ պըն Օմար յայտնեց, որ Եմէնի մէջ քաղաքական հոլովոյթին քայքայման համար պատասխանատու են առնչակից բոլոր կողմերը: Ան նշեց, որ երկրին մէջ կայունութեան հաստատման միակ միջոցը երկխօսութիւնն է, պայմանաւ որ որեւէ կողմ անկէ հեռու չպահուի:
Պըն Օմար իր զեկուցումը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու ընթացքին աւելցուց, որ վերջին բռնկումէն առաջ, եմէնցիները քաղաքական լուծումի մը հասնելու շատ մօտ էին:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի շեշտեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի Եմէնի ներքին հարցերուն միջամտելու: Ան նշեց, որ Եմէնի ապագան ճշդողը եմէնցիներն են միայն, եւ բոլորին կոչ ուղղեց աշխատանք տանելու՝ բռնարարքներու նուազեցման եւ բանակցութիւններու խթանման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.