ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ճումհուրիյէ»չ թերթը գրած է, թէ Թուրքիա կորուստներ կրած է Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակը նշելով Ապրիլ 24ին, շեշտելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու կամ ճանաչումը վերաձեւակերպող երկիրներու թիւը աւելցած է տասով։ Թերթը կը քննադատէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ իշխանութիւններու քայլերը եւ կը նշէ, որ այդ քայլերը ո՛չ մէկ օգուտ բերին։ «Ճումհուրիյէ»չ կը գրէ, որ Անգարայի որոշումին հետեւանքը եղաւ այն, որ 1915ի ջարդերը Ցեղասպանութիւն անուանեցին՝ Վատիկան, Արժանթին, Աւստրիա, Պուլկարիա, Շիլի, Չեխիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Ռուսիա եւ Սուրիա։ Թերթը կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները այժմ աշխատանք կը տանին Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումը կանխելու ուղղութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.