Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդմամբ, Ֆրանսայէն ժամանած դիտորդները առաջնագիծին մէջ հետաքրքրուած են զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերու յաճախականութեամբ, ծանօթացած զինուորներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն եւ կիսած են իրենց տպաւորութիւնները: Անոնք բարձր գնահատած են հայ զինուորին մարտական ոգին եւ պատրաստականութեան աստիճանը, առաջնագիծին մէջ զինուորներու անվտանգ ծառայութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները եւ դատապարտած իրադրութիւնը ապակայունացնելու Ատրպէյճանի փորձերը:
Նշենք, որ 1 Մայիսին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Հիմքեթ Հաճիեւի յայտարարութիւն տարածած է այդ մասին՝ Արցախի մէջ դիտորդական առաքելութեամբ գտնուող միջազգային առաքելութիւններ կատարողներուն սպառնալով քրէական պատասխանատուութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.