Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Սիրելի ընթերցող. եթէ մէկը քեզի ըսէ, որ Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Յովհաննէս Թումանեան, Պարոյր Սեւակ եւ դեռ՝ մեր միւս հանճարեղ գրողները անմահ են, երկմտանք կ՛ունենա՞ս, կամ կը մտածե՞ս հակառակը պնդել։
Վստահ եմ կը համաձայնիս ու չես վիճիր. որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որ հանճարեղ գրողներ, երաժիշտներ կամ արուեստագէտներ, նաեւ գիտնականներ, մշակոյթի ու միտքի տարբեր կալուածներու տիտաններ անմահ հռչակուած են՝ շնորհիւ իրենց գործերուն։ Անոնց թողած ժառանգութիւնը արժէք էր իրենց ժամանակներուն, չխամրող արժէք կը մնայ անոնց մահէն տասնամեակներ ու դարեր ետք ալ։ Հեղինակին ու արարողին մեծութեան եւ տաղանդին գիտակցութիւնը կ՛ունենանք, երբ հաղորդակից կ՛ըլլանք անոնց գիրին, ձայնին կամ գոյներուն-ձեւերուն։
Կրնանք նաեւ մեծերուն անմահութիւնը «շօշափել» աչքով, ականջով, բոլո՛ր զգայարանքներով, սիրտով ու հոգիով, երբ դառնանք հանդիսականը անմահներու ժառանգութեան բեմական մատուցման, վկայել, թէ անոնք ինչո՛ւ անմահ են։
… Շաբաթ 2 եւ Կիրակի 3 Մայիսին, Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի սրահը հիւրընկալեց միջ-դպրոցական ասմունքի մրցում մը, որ կազմակերպուած էր Ազգային առաջնորդարանին կողմէ եւ որուն հրաւիրուած էին Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական բոլոր վարժարաններուն եւ հայեցի կրթութիւն ջամբող ուսումնարաններու աշակերտները։ Մրցումին մասնակցող մանուկներն ու պատանիները բեմ բարձրացան հաստատելու, որ մեր մեծ բանաստեղծները, ի շարս որոնց՝ նահատակները, անմահ են, որովհետեւ անոնք կ՛ապրին ասմունքողներուն շուրթներուն վրայ, սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, մեր պատանիները տէրն են անոնց ժառանգութեան, իրենց էութիւնը միախառնած են բանաստեղծներուն ոգիին ու գիրին։
Այս տողերը չեմ արձանագրեր թղթակցութիւն ընելու տրամաբանութեամբ, այլ աղուոր զգացում մը, տպաւորութիւն մը բաժնեկցելու անանձնականութեամբ։ Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի փունջ մը մատղաշ տղաք ու աղջիկներ յաջորդաբար զարդարեցին բեմը, մատուցեցին անխառն առոգանութեամբ, իւրաքանչիւր բանաստեղծին հրայրքին թելադրած ապրումով, բեմականութեամբ եւ… մասամբ նորին։ (Եթէ դատական կազմին անդամ ըլլայի, վստահ որ բոլորն ալ յաղթական կը յայտարարէի)։ Հանդիսականները՝ ծնողք եւ հարազատներ, տեսան ու զգացին, որ բոլորն ալ սիրով ու խանդախատանքով իւրացուցած էին կտորները, իրենց հոգիներուն մէջ բնակեցուցած էին բանաստեղ-գրողները, միացած էին զանոնք անմահացնողներու բանակին։ Կասկած չունիմ, որ ծնող, ուսուցիչ եւ դպրոցներ հպարտ էին իրենց սաներով։
Այս պատանիներով հպարտ էին նաեւ անմահները, որոնց հոգիները, անկասկած, կը սաւառնէին սրահին մէջ…