ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յայտնի թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցին մէջ Ամերիկայի վարչակազմի դիրքորոշման. ան կը գրէ, որ ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սըմենթա Փաուըր, որ ցեղասպանութեանց մասին հատորի մը հեղինակն է, մասնակցած էր Նիւ Եորքի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչման միջոցառման։
Յօդուածը կը ներկայացնենք ստորեւ՝ մասնակի կրճատումներով.
«Կը փափաքիմ ներկայացնել նկար մը, ուր կ՛երեւի ՄԱԿի մօտ Ամերիկայի դեսպան Սըմենթա Փաուըրը։ Ան Նիւ Եորքի Ս. Վարդան առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած էր Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումներուն, իսկ ապա ես իրեն հետ զրոյց մը ունեցած էի պատարագին յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին։
Փաուըր 2008էն ի վեր Պարաք Օպամայի վարչակազմին մաս կը կազմէ. ան նախ ազգային ապահովութեան խորհուրդի անդամ էր, ապա՝ 2013ի Օգոստոսէն սկսեալ, ՄԱԿի մօտ կը ներկայացնէ ամերիկեան վարչակազմը։ Այսինքն՝ ան Օպամայի վարչակազմի ամենաբարձր պաշտօնեաներէն մէկն է։
Փաուըրի հեղինակութեամբ ցեղասպանութեան երեւոյթին մասին գիրքը մրցանակի արժանացած է։ Ան գիրքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ գիրքին մէջ տեղ յատկացուցած է Սողոմոն Թեհլիրեանի լուսանկարին։
Ապրիլ 26ին, Սըմենթա Փաուըր Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մէջ հետեւեցաւ Ս. պատարագին, ապա՝ անոր յաջորդող ընդունելութեան։ Իր մասնակցութիւնը կարեւոր է ամերիկեան կառավարութեան տեսակէտը հասկնալու առումով։
Փաուըր կրօնական արարողութեան ընթացքին տեսախցիկներու կեդրոնն էր։ Լրագրողներ ու բազմաթիւ մարդիկ կը լուսանկարէին զինք։ Թերեւս ան անձնական ընտրութեամբ է որ մասնակցած էր պատարագին, սակայն անկարելի էր, որ առանց Սպիտակ տան արտօնութեան մասնակցէր։ Եթէ Սպիտակ տունը չուզէր, Սըմենթա Փաուըր չէր կրնար մասնակցիլ։
Այս մասնակցութիւնն իսկ ցոյց կու տայ, թէ ամերիկեան իշխանութիւնները ի՞նչ կը խորհին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Անոնք կ՛ընդունին, որ ցեղասպանութիւն պատահած է եւ աւելի՛ն՝ կ՛ողջունեն բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ յիշատակի միջոցառումներուն մասնակցութիւնը։
Փաուըրի կեցուածքը ցոյց կու տայ, որ Սպիտակ տան մէջ կատակերգութիւն մը տեղի կ՛ունենայ։ Ամէնէն աւելի, ես Թուրքիոյ կառավարութեան դիրքորոշման համար կը տխրիմ ու կը ցաւիմ։
Մարդիկ ուղն ու ծուծով կը հաւատան Ցեղասպանութեան, բայց Թուրքիոյ իշխանութիւնները անոնց մասին կ՛ըսեն, թէ «այս տարի ալ յաջողեցանք «ցեղասպանութիւն» բառը ըսել չտալ» եւ գլուխ կը գովեն։ Իրօ՛ք, շատ տարօրինակ է։ Կը նմանի իրականութենէն փախչելուն։
Երբ Փաուըրը տեսայ եկեղեցական արարողութեան ընթացքին, Թուրքիոյ կառավարութեան փոխարէն ամչցայ։ Ի՞նչ կարիք կայ այդքան ստորնանալու»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.