ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ եւ Լոս Անճելըսի հանրային գրադարաններու ցանցին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքերուն թիւը զգալիօրէն աւելցնելու նպատակով, գրքահաւաքի արշաւի մը սկսած է, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Մայիս ամսուան վերջաւորութիւնը։
Այս արշաւին համար ընդուելի են նոր եւ քիչ գործածուած հայերէն, անգլերէն կամ այլ լեզուով հատորներ, որոնք կրնան նաեւ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած ըլլալ։
Գիրքերը կրնան յանձնուիլ Լոս Անճելըսի կեդրոնական գրադարանին, ինչպէս նաեւ շարք մը մասնաճիւղներու ու Փօլ Գրիգորեանի Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին (200 N. Spring St., Room 435, Los Angeles, CA 90012, (213) 473-7002) կամ Նորթ Հոլիվուտի շրջանային գրասենեակին (5240 N. Lankershim Blvd., Ste 200, North Hollywood, CA 91601, (818) 755-7676)։
Ստորեւ հասցէները այն վայրերուն, ուր կարելի է գիրքեր նուիրել.
– Central Library, 630 W. 5th Street, Los Angeles, CA 90071
– North Hollywood Regional Library, 5211 Tujunga Avenue, North Hollywood, CA 91601
– Studio City, 12511 Moorpark Street, Studio City, CA 91604
– Valley Plaza, 12311 Vanowen Street, North Hollywood, CA 91605
– Mid-Valley, 16244 Nordhoff Street, North Hills, CA 91343
– Eagle Rock, 5027 Caspar Avenue, Los Angeles, CA 90041
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ Los Angeles City Councilmember Paul Krekorian, cd2.lacity.org կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.