ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ վերջին օրերուն Պոլսոյ Կազիօսմանփաշա թաղամասի բազմաթիւ պատերուն վրայ երեւցած են հակահրէական գրութիւններ, որոնք կը ցոլացնեն հրեաներու նկատմամբ ատելութեան ուժեղ զգացումներ։ Տեղացիները զարմանքով դիմաւորած են ցեղապաշտ այս գրգռիչ ու ատելավառ գրութիւնները, որոնք նորութիւն էին թաղամասին համար։ Այս մէկը բոլորովին զարմանալի կը դառնայ, երբ նկատի առնուի, որ այս թաղամասին մէջ հրեայ բնակող երբեք չկայ, ուստի հարցման նշան է, թէ ինչո՞ւ այս թաղամասին մէջ այսպիսի գրութիւններ կը գրուին պատերու վրայ։
Շատեր այս հարցը կապած են մօտալուտ ընտրութիւններուն, քանի որ Թուրքիոյ մէջ հակասիոնականութիւնը միշտ ի զօրու է եւ միշտ ուժեղ։ «Ալկեմայներ» լրատու կայքի տեղեկութեանց համաձայն՝ պատերու վրայ կը կարդացուին նախադասութիւններ, ինչպէս՝ «Այս հողամասը արգիլուած է հրեաներուն ու խոզերուն», «Հրեաները հոս չեն կրնար թողուլ իրենց կառքերը», «Ազատութիւն Երուսաղէմին, արմատդ չորանայ ոճրագործ հրեայ»… Դիտել կը տրուի, որ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս 17 հազար հրեայ կ՛ապրի, բայց հրեաներու դէմ ատելութեան զգացումները հինէն ի վեր առկայ են Թուրքիոյ մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.