ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, փոխնախագահ Կիւրսել Թեքին թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին հետ Մայիս 7ին կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յառաջիկայ քանի մը օրերուն, Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան պիտի ձեռնարկէ: Ան այս տեղեկութիւնը վերագրեց «հաւաստի» աղբիւրի մը եւ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուին կոչ ուղղեց հերքելու այդ լուրը՝ եթէ սխալ է:
«Արտաքին գործոց նախարարէն կամ պարոն Տաւութօղլուէն բացատրութիւն կը պահանջեմ: Այս պնդումները հերքող յայտարարութիւն մը՝ ընտրութիւններուն նախօրեակին, երկրին մէջ մտավախութիւնները պիտի փարատէ», ըսաւ Թեքին: Ան յիշեցուց, որ ինքն էր, որ առաջին անգամ Սուրիոյ մէջ Սիւլէյման Շահի դամբարանին մէջ թրքական զինուորական գործողութեան մասին տեղեկութիւններ բացայայտած էր: «Ամբողջ աշխարհը ականատես դարձաւ Սիւլէյման Շահի դամբարանին մէջ կատարուած գործողութեան ծաղրանքին, եւ մենք աշխատանք կը տանինք ատոր կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար», ըսաւ ան:
«Մենք Միջին Արեւելքի, ներառեալ՝ Մուսուլի պարագային մասին կը կարդանք օտար մամուլին մէջ: Այս տագնապներէն որեւէ մէկուն մասնակից դառնալը Թուրքիոյ համար անդարմանելի սխալ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ Թեքին՝ նշելով. «Կառավարութեան մէջ հակասական կարծիքներ գոյութիւն ունին»:
Թեքին աւելցուց, որ ըստ հարցախոյզներու՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը անկումի մէջ է, եւ որոշ մարդիկ կը կարծեն, թէ այդ մէկը դարմանելու լաւագոյն ձեւը Սուրիոյ մէջ «արկածախնդրութիւն մը» կատարելն է:
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» այս մասին կը գրէ. «Վերջին շրջանին, շրջանային դաշնակիցներուն կողմէ զինուորական համակարգուած աջակցութեան շնորհիւ իրենց արձանագրած յառաջխաղացքէն քաջալերուած՝ սուրիացի ըմբոստները Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումէն առաջ իսկ, ապահովական գօտիներու ստեղծման համար Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը կը խնդրեն»:
Ընդդիմադիր Սուրիական ազգային համախմբումի նախագահ Խալետ Խոժա «Հիւրրիյէ»չի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Դամասկոսը պէտք է պաշարուի: Ապա անիկա յանկարծակի կերպով կրնայ տապալիլ: Նախքան տապալումը, պէտք է հաստատել ապահովական գօտիներ՝ կանխարգիլելու համար իշխանութեան յառաջանալիք բացին շահագործումը ծայրայեղականներու կողմէ»:
Ըստ սուրիական ընդդիմութեան պատկերացումին՝ ապահովական գօտիները պիտի ըլլան շրջաններ, ուր ժամանակաւոր կառավարութիւններ կրնան հաստատուիլ՝ ծառայելու համար քաղաքացիներուն, եւ այդ շրջանները պիտի ըլլան Սուրիական ազատ բանակի ցամաքային եւ միջազգային ուժերու օդային պաշտպանութեան տակ:
Ըստ Խոժայի՝ ըմբոստները յառաջխաղացք արձանագրած են հիւսիսային շրջաններուն մէջ, շնորհիւ Սուրիական ազատ բանակէն Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ուժերուն հասած յաւելեալ զէնքի մատակարարումներուն, իսկ հարաւի մէջ՝ Սէուտական Արաբիոյ աջակցութիւնը վայելող ուժերուն հասած զէնքի յաւելեալ մատակարարումներուն:
«Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ կատարած զինուորական գործողութիւնը բացայայտեց, որ շրջանին մէջ կայ ուժ մը, որ կրնայ Իրանի ազդեցութիւնը կասեցնել: Այդ ուժը հասկցաւ, որ պէտք է Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ հետ գործակցաբար՝ ընթանայ դէպի Սուրիոյ շուրջ համաձայնութիւն մը», աւելցուց ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.