ԱՏԵՆ, «Ռոյթըրզ».- Մայիս 12ին սկսած հնգօրեայ մարդասիրական զինադադարի նախօրեակին, եմէնեան ցեղախումբերու զինեալներ Սէուտական Արաբիոյ հարաւարեւմուտքը գտնուող Ճազան շրջանին մէջ գրաւեցին Ռատիֆ եւ Ճալահ լեռները, ինչպէս նաեւ Թուայլաք լեռը, որ կը վերահսկէ սէուտական Խոպա քաղաքին եւ անոր մերձակայ գիւղերուն:
Ցեղախումբերու զինեալներուն եւ սէուտական բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Վերջինս ռմբակոծեց զինեալներուն յառաջացած վայրերը:
«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ արաբական դաշնակից ուժերու ռազմական օդանաւերը Ատենի մէջ ռմբակոծած են հուսիներու պատկանող զինուորական մեքենաներ՝ պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ: Ռմբաձիգները նաեւ ռմբակոծած են Սաատայի նահանգը եւ Սանաայի օդակայանը:
Մինչ այդ, մարոքեան բանակը յայտարարեց, որ գործողութիւններուն մասնակից իր «Էֆ. 16» տիպի օդանաւներէն մէկը ջախջախուած է եւ յստակ չէ, թէ օդաչուն ո՞ղջ է: Մարոքեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ օդանաւը եմէնեան հողերուն վերեւ հրաձգութեան ենթարկուած է: Եմէնեան զինուորական աղբիւր մը նշեց, որ խնդրոյ առարկայ օդանաւը ջախջախուած է Սաատայի Նշուր հովիտին մէջ, իսկ հուսիներու մարտական ղեկավարներէն մէկը «Անատոլու»ին յայտնած է, որ օդանաւը վար առնուած է:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիյա Աֆխամ Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գործողութիւնը «ցեղասպանական արարք» կոչեց: «Սէուտական Արաբիոյ օդային հարուածները՝ Եմէնի դէմ, եւ մասնաւորաբար երկիրի հիւսիսային մասերուն մէջ խիտ բնակուած բնակելի շրջաններու ռմբակոծումները, ցեղասպանական արարք կը նկատուին եւ կ՛իրագործուին ի հեճուկս բոլոր միջազգային արժեչափերուն», ըսաւ Աֆխամ:
Մարտին սկսած Եմէնի դէմ գործողութիւնները ցարդ աւելի քան 1500 զոհ խլած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.