ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Աւստրիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Բարձրագոյն կրթութեան ծրագիրներու ղեկավար Կոտֆիտ Պաչըրը այս օրերուն այցելած է Հայաստան՝ մասնակցելու Պոլոնիոյ նախարարական գագաթաժողովին: «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ կայ բարձր արհեստագիտութիւններու կրթական համակարգ։ Ան այցելած է «ԹՈՒՄՕ» եւ զարմացած է: «Ես ուղղակի հիացած եմ, քանի որ իմ երկրին մէջ ելեկտրոնային կրթութիւնը զարգացած չէ այնքան, որքան հոս։ Կը պատրաստուիմ իմ երկիրս տանիլ այդ փորձառութիւնը», յայտնած է Պաչըր։
Կարեւոր նկատելով ուսանողներու փոխանակման ծրագիրները՝ ան նշած է, որ իրենց մօտ տարուէ տարի կ՛աւելնայ հայ ուսանողներուն թիւը: Պաչըրը, սակայն, կը մտահոգէ այն, որ Հայաստանէն ուսանողներ կ՛երթան օտար երկիրներու մէջ ուսանելու եւ չեն վերադառնար։ «Մենք կ՛աշխատինք ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի հայ ուսանողները գան մեր երկրին մէջ ուսանին, սակայն Հայաստանն ալ պէտք է այնպիսի աշխատանք տանի, որ անոնք վերադառնան։ Գիտեմ, որ հայ ուսանողներէն շատեր չեն վերադառնար, ինչ որ հարց է Հայաստանի համար», դիտել տուած է ան։