ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա կ՛ապրի դժուար ու պայթուցիկ շրջան մը։ Յունիս 7ի երեսփոխանական ընտրութեան քարոզարշաւները այլեւս դուրս եկած են ժողովրդավարական քարոզարշաւներու շրջանակէն ու վերածուած արիւնալի բախումներու։ Արդէն շիկացած մթնոլորտ կար իշխող եւ միւս երկու գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն՝ Հանրապետական ժողովրդային եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեանց միջեւ, բայց այդ շիկացած մթնոլորտը ուղղութիւն փոխեց քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ վերջերս արձանագրուած յառաջխաղացումներուն հետեւանքով։
Արդարեւ քրտամէտ կուսակցութիւնը, որ պաշտօնապէս կամ անպաշտօն կերպով քիւրտերու կուսակցութիւնն է, վերջերս իր ծոցը բանալով նաեւ երկրի միւս փոքրամասնութիւններուն, յաջողեցաւ բանալ լայն հովանոց մը, որուն տակ ապաստանողներուն թիւը օրէ օր կը բարձրանայ։ Այս մագլցումին գլխաւոր ճարտարապետն է կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, որ ըստ երեւոյթին մեղմ պատգամներ տալով հանդերձ, մրցակիցներուն մտահոգութիւն պատճառող մթնոլորտ մը ստեղծած է։ Ղեկավարներուն խիզախ ու մարդասիրական ելոյթներուն շնորհիւ, կուսակցութիւնը կրնայ իր ետին ձգել միւս երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւնները։
Այս պայմաններու մէջ ակնկալելի էր, որ «մութ ուժեր» խափանարարութիւններու դիմեն այս կուսակցութեան գնացքը կասեցնելու նպատակով։ Վերջին օրերուն ընթացքին արդէն կուսակցութեան բազմաթիւ նահանգային գրասենեակներու դէմ յարձակումներ կը գործուէին, բայց Ատանայի ու Մերսինի մէջ գրեթէ նոյն վայրկեաններուն այս կուսակցութեան հաւաքատեղիներուն մէջ պատահած Մայիս 18ի պայթումները կացութիւնը աւելի սրած են։
Յատկանշական է որ Ատանայի պայթումը կը պատահէր հոն կատարուած հանրահաւաքէն ետք, իսկ Մերսինի մէջ ալ կը պատահէր հանրահաւաքին նախորդող ժամերուն։ Ասիկա արգելք չեղաւ, որ ծրագրուած հանրահաւաքը կատարուի. Տեմիրթաշ Մերսինի մէջ խիստ, բայց մարդասիրական գաղափարներ արտայայտեց եւ անշուշտ խօսքը հասցէագրելով նախագահ Էրտողանին՝ ըսաւ. «Պատգամդ ստացանք, այնուհանդերձ պիտի չարտօնենք, որ դուն նախագահ ըլլաս»։
Տեմիրթաշ ծանրապէս քննադատեց պայթումները ու ըսաւ, որ անոնք աւելի ողբերգական արդիւնք կրնային տալ, քանի որ ամէն օր կուսակցութեան այդ կեդրոններուն մէջ ժողովներ կը գումարուին ու մեծ թիւով կուսակիցներ քով քովի կու գան։ «Այս յարձակումներուն նպատակը յայտնապէս արիւն հոսեցնել, մարդ սպաննել էր, բարեբախտաբար այդ չպատահեցաւ», ըսաւ Տեմիրթաշ։
Տեմիրթաշի ոճը միւս երեք կուսակցութիւններու առաջնորդնրուն ոճէն շատ տարբեր է։ Ան աւելի խելացի ու ազդու ռազմավարութիւն ունի։ Պայթումներէն ետք ալ, ան իր կուսակիցներուն յանձնարարեց, որ թշնամիի նման չնային այն հայրենակիցներուն, որոնք միւս կուսակցութիւններուն կողմնակից են։ Ան ըսաւ, որ պէտք է կասեցնել ոմանց ծրագիրը, որ քիւրտն ու թուրքը իրարու թշնամացնել է։ «Մենք խաղաղութեամբ ու հաշտութեամբ պիտի պատասխանենք մեզի դէմ եղած գրգռութիւններուն», ըսաւ Տեմիրթաշ։
Իր կարգին, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ Փերվին Պուլտան բուռն կերպով քննադատեց կառավարութիւնը՝ նշելով. «Ո՛չ նախագահը, ո՛չ վարչապետը, ո՛չ ալ կառավարական այլ պաշտօնատարներ պէտք է դատապարտեն այսօրուան յարձակումները: Անոնք պէտք է լուռ մնան: Ատիկա բաւարար է»:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան եւ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք դատապարտեցին յարձակումները: