ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը իր «Քոնկրեսի Տասը Անդամներու Ուղեւորութիւնը Գաղտնօրէն Ֆինանսաւորուած Է Օտար Պետութեան Կողմէ» խորագիրով ծաւալուն յօդուածին մէջ բացայայտեց 2013ին Պաքուի համաժողովին մասնակցած 10 օրէնսդիրներուն եւ անոնց աշխատակազմի 32 անդամներուն ամբողջովին վճարուած ուղեւորութեան աղմկայարոյց մանրամասնութիւնները: Համաժողովին իբրեւ հրաւիրեալ բանախօսներ մասնակցած էին նաեւ նախագահ Օպամայի երեք բարձրաստիճան խորհրդականները՝ Ռապըրթ Կիպս, Ճիմ Մեսինա եւ Տէյվիտ Փլաֆ:
Պաքուի մէջ միջազգային քարիւղի համար հաւաքի կազմակերպիչը՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան «Սոքար» պետական քարիւղի ընկերութիւնը, ըստ «Ուաշինկթըն Փոստ»ի ձեռք բերած Քոնկրեսի բարոյագիտութեան յանձնաժողովի գաղտնի զեկոյցին՝ ամերիկեան երկու ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու միջոցով փոխանցած է 750 հազար տոլար ուղեւորութեան «ֆինանսաւորման աղբիւրը պահելու համար»։ Եւս 750 հազար տոլար նուիրած են «Պրիթիշ Փեթրոլիըմ», «Քոնոքոֆիլիփս» եւ «Քէյ.Պի.Ար.» ընկերութիւնները՝ թռիչքի տոմսերու, պանդոկի ծախսերու եւ նուէրներու համար:
Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ «մինչեւ 2013 Մայիս 28-29ի համաժողովը, «Սոքար» եւ ուժանիւթի քանի մը մեծ ընկերութիւններ (ներառեալ Իրանի ազգային քարիւղի ընկերութիւնը) փորձած էին ազատիլ Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական պատժամիջոցներէն՝ Կասպից ծովու 28 միլիառ տոլար արժողութեամբ կազատարին համար»: Ի դէպ, համաժողովէն ամիս մը առաջ «Սոքար» Հիւսթընի մէջ հիմնադրեց «Ատրպէյճանի բարեկամներու համագումար» ոչ առեւտրական կազմակերպութիւնը՝ անոր հաշիւին փոխանցելով 750 հազար տոլար: Իսկ այս ծրագիրին մէջ ներգրաւուած երկրորդ ոչ առեւտրական կազմակերպութիւնը «թուրք ամերիկացիներու եւ եւրասիացիներու խորհուրդ»ն էր, որ նոյնպէս հիմնադրուեցաւ Հիւսթընի մէջ: Երկու կազմակերպութիւնները, Քեմալ Օքսիւզի գլխաւորութեամբ, արձանագրուած էին Հիւսթընի միեւնոյն հասցէին: Քոնկրեսը հաստատեց շարք մը օրինագիծեր, որոնցմով պատժեց Իրանը՝ միեւնոյն ժամանակ արտօնութիւններ սահմանելով «Սոքար»ի նախագիծին համար: Այնուհետեւ՝ Օպամայի ստորագրելէն ետք, անոնք օրէնքի ուժ ստացան:
Պաքու մեկնած տասը քոնկրեսականներն էին՝ Ճիմ Պրայտընսթայն (Օքլահոմա), Իւէթ Քլարք (Նիւ Եորք), Տենի Տէյվիս (Իլինոյ), Միշէլ Կրիշեմ (Նիւ Մեքսիքօ), Ռուպըն Հինոխոզա (Թեքսաս), Լիոնարտ Լենս (Նիւ Ճըրսի), Շէյլա Ճեքսըն Լի (Թեքսաս), Կրեկըրի Միքս (Նիւ Եորք), Թետ Փօ (Թեքսաս) եւ Սթիւ Սթաքմըն (Թեքսաս):
Բարոյագիտութեան յանձնաժողովի հետաքննողները բացայայտեցին, որ այս օրէնսդիրները, իրենց ամուսիններուն եւ ընկերուհիներուն ընկերակցութեամբ, ստացած էին շարք մը նուէրներ, ներառեալ՝ թէյի «բիւրեղապակեայ սպասներ, մետաքսէ շալեր, փիրուզէ օղեր, ոսկենախշ ամաններ եւ ատրպէյճանական գորգեր… բոլոր օրէնսդիրները ստացած են առնուազն մէկ, իսկ ոմանք՝ երկու գորգ, որոնցմէ մէկը փոքր չափով, նախատեսուած՝ աղօթքի համար, իսկ միւսը՝ մեծ: Գորգեր ստացան նաեւ աշխատակազմի բազմաթիւ անդամներ»:
Իրենց անօրինական կամ ոչ պատշաճ գործողութիւնները արդարացնելու նպատակով այս օրէնսդիրներէն ոմանք ծիծաղելի յայտարարութիւններ ըրին Քոնկրեսի յանձնախումբի հետաքննողներուն.
– Քոնկրեսական Տէյվիս յայտարարեց, որ Պաքուի համաժողովին ընթացքին ինք «ստացած է մէկ գորգ, զոր բերած էին իր պանդոկի սենեակը»: Ան ըսաւ, որ մտածած է այդ գորգը որեւէ թանգարանի կամ բարեսիրական միութեան նուիրելու մասին…
– Քոնկրեսական Հինոխոզա ըսաւ. «Ես կը կարծէի, որ իմ ստացած յուշանուէրները նուազագոյն արժէք ունին եւ կը համապատասխանեն Ներկայացուցիչներու տան Նուէրներու մասին կանոններուն»:
– Ներկայացուցիչ Միքսի մամուլի քարտուղար Լատան Ահմատի յայտարարեց, որ քոնկրեսականը «ենթադրած է, թէ գորգը արտօնուած համարուող նուէր է»:
– Քոնկրեսական Լենսի աշխատակազմի բարձրաստիճան մէկ անդամը «Ուաշինկթըն Փոս»չին ըսաւ, որ քոնկրեսականը «Ուաշինկթըն վերադառնալէ ետք վերադարձուցած է իր ստացած մէկ գորգը: Աշխատակազմի անդամը նաեւ նշեց, որ Լանս զոյգ մը օղ ստացած է եւ փոխհատուցած 100 տոլար համաժողովի կազմակերպման օժանդակող ոչ-շահութաբեր խումբին՝ Նիւ Ճըրզի վերադառնալէն անմիջապէս ետք»:
– Քոնկրեսական Կրիշամ բարոյագիտութեան յանձնաժողովի հետաքննողներուն ըսաւ, որ ան չէ յայտնած գորգերուն մասին, որովհետեւ չէ կարծած, թէ անոնք առանձնապէս արժէքաւոր են: Ան նաեւ զանոնք ոչ-հրապուրիչ համարած է. «Ատիկա այն կարպետը չէր, զոր ես պիտի փափաքէի գնել»:
– Քոնկրեսական Պրայտընշթայն միակ օրէնսդիրն էր, որ բացայայտեց գորգերուն մասին իր ֆինանսական զեկոյցին մէջ. «Ան փոքր գորգը գնահատած էր 2500 տոլար, իսկ մեծը՝ 3500»:
«Ուաշինկթըն Փոս»չ, մէջբերելով բարոյագիտութեան յանձնաժողովի զեկոյցէն, բացայայտեց, որ ներկայացուցիչներ՝ Քլարք, Կրիշամ, Հինոխոզա, Լենս եւ անոնց աշխատակազմի անդամները այդ ուղեւորութեան ընթացքին նաեւ «մեկնած են Թուրքիա, այցելած՝ Պոլիս, Անգարա, կամ՝ երկուքը միասին… բոլոր ծախսերը հոգացած է «Բարեկամութեան եւ համագործակցութեան Վոսփորի ատլանտեան մշակութային միութիւն» թրքական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնը, ըսուած է զեկոյցին մէջ: Օրէնսդիրները չեն բացայայտած այդ կազմակերպութեան դերը»:
Քոնկրեսի բարոյագիտութեան յանձնաժողովը եզրակացուց. «Սոքար» եւ «Ատրպէյճանի բարեկամներու համագումար»ը նուէրներ մատուցած են Քոնկրեսի ճամբորդներուն ճանապարհածախսերու անթոյլատրելի ձեւով՝ խախտելով Ներկայացուցիչներու տան կանոնները, կանոնակարգերը եւ դաշնակցային օրէնքը», իսկ «Թուրքիա ուղեւորուած քոնկրեսականները ճանապարհածախսի վճարները ընդունած են անթոյլատրելի աղբիւրներէ, որ յանգեցուցած է անթոյլատրելի նուէրի՝ խախտելով Ներկայացուցիչներու տան կանոններն ու կանոնակարգերը»։ Բացի այդ, հետաքննողները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի կառավարութեան առընթեր հինգ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւնները հաստատեցին, որ իրենք հովանաւորած են համաժողովը՝ լրացնելով յայտարարագիրներ բարոյագիտութեան յանձնաժողովին հետ 2013ի Ապրիլ եւ Մարտ ամիսներուն: «Հինգ հովանաւոր կազմակերպութիւնները չեն օժանդակած քոնկրեսականներու ճանապարհորդութեան՝ հակառակ կեղծ հաւաստիացման ձեւերու, որոնք ներկայացուցած են բարոյագիտութեան յանձնաժողովին»: «Ուաշինկթըն Փոս»չ թերթը հաղորդեց, որ այս տուեալները յանձնուած են բարոյագիտութեան յանձնաժողով՝ հետաքննելու Քոնկրեսի կանոնակարգի եւ դաշնակցային օրէնքներու հնարաւոր խախտումները, որոնք կ՛արգիլեն օտարերկրեայ պետութիւններու կողմէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վրայ ազդելու փորձերը:
Խիստ մտահոգիչ է, որ քոնկրեսականները պատրաստ են վաճառելու իրենց քուէները ատրպէյճանական եւ թրքական կաշառակերութեամբ համակուած կառոյցներուն՝ ձրի գորգի մը համար…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը