ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Ապրիլ 24, 2015։ Մօտաւորապէս մէկ դար ետք աշխարհով մէկ հայութիւնը իր յարգանքի տուրքը կու տայ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն՝ ոգեկոչելով անոնց յիշատակը ամէնուր։ Թուրքը ձախողած է հայ ժողովուրդը բնաջնջելու իր նպատակին մէջ, բայց Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան թափուր են, եւ տակաւին կը սպասեն իրենց զաւակներուն: Դար մը պատմութիւնը հայրենազուրկ ժողովուրդին, աշխարհացրիւ, բայց միշտ միացած իր միլիոնաւոր նահատակներու յիշատակին շուրջ: Սփիւռքի ամենայետին անկիւնն իսկ հայակերտման հնոցներ՝ դպրոցներ ստեղծուած են, որոնց սպասաւորները՝ հայակերտման լծուած ուսուցիչներ, կը պատրաստեն սերունդներ, հայրենասիրութեան եւ պահանջատիրութեան ոգիով առլցուն, միշտ կիզակէտ ունենալով Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ հողերու վերադարձը:
Այդ դարբնոցներէն մէկն ալ Անարատ յղութեան Հայ քոյրերու վարժարանը ըլլալով, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իր առօրեայ ծրագիրներու կողքին մշակեց Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը ոգեկոչող յատուկ ծրագիրներ, «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» լօզունգին ներքեւ, աշակերտները պահանջատէր ոգիով պատրաստուեցան դիմաւորելու հարիւրամեակին յաջորդող տարիները՝ ապագային ըսելու համար՝ «յիշեցինք, պահանջեցինք եւ վերադարձուցինք»:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկները տարուան սկիզբէն իսկ սկսան գործադրուելու Հայկական բաժանմունքի ուսուցչուհիներուն կողմէ, համագործակցաբար տնօրէնութեան։ Առ այդ, վարժարանիս պարտէզին մէջ տեղադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշող յուշակոթող մը, որուն պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ յետագային:
Ութերորդ դասարանի աշակերտները իրենց հայերէն ուսուցչուհիի օգնութեամբ պատրաստեցին հայկական գրաւուած նահանգներու մասին տեղեկութիւններ, սահիկներու ցուցադրութեամբ, եւ ներկայացուցին աշակերտութեան իւրաքանչիւր ամսուան 24ին, ծանօթացնելով նահանգ մը իր մշակոյթով, բնաշխարհով եւ պատմութեամբ, ապա ներկայ իրավիճակը եւ անոր պատճառները:
Եօթներորդ դասարանի աշակերտները, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան անթաղ նահատակներուն, մեծ խանդավառութեամբ բոյսեր ցանեցին իրենց դասարանի միջանցքին մէջ գոյութիւն ունեցող հողաշերտը կանաչապատելով, տարածելով ապրելու եւ ապրեցնելու գաղափարը՝ մեռցնելու եւ ոչնչացնելու գաղափարին դէմ:
Եւ այսպէս, 2015ի գրեթէ բոլոր առիթները պատճառ եղան որ աշակերտները այլազան միջոցառումներով հաղորդուին նահատակներու աւանդով եւ ապրին այդ մթնոլորտով, ինչ որ պիտի զօրացնէր իրենց պատկանելիութեան զգացումը, իր կարգին զօրացնելով պահանջատէրի հոգեվիճակը:
Ութերորդ դասարանէն 2 աշակերտուհիներ մասնակցեցան Կիրակի, Մարտ 15ի յետմիջօրէին վերապրածներու յիշատակին նուիրուած հանդիսութեան, «Արարատ Տան» «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ, արտասանելով եւ վերապրած անձի մը կենսագրականը ընթերցելով:
Մարտ 18ին, վարժարանիս 3-5րդ դասարաններու աշակերտները, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ մասնակցեցան Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ միջ-դպրոցական հաւաքին եւ հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Մարտ 25ին տեղի ունեցաւ ներայացում մը Ալիծ Աղպապեանի կողմէ՝ «Ծալապատիկ» գիրքին, ուր աշակերտները տեղեակ եղան Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած խլեակներու կամքին զօրութեամբ վերընձիւղման գործընթացի մասին:
Ապրիլ 12ին, 7րդ դասարանի աշակերտները մասնակցեցան Քրեսենթա հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի յայտագիրին:
Ապրիլ 17ին, վարժարանիս աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին գծագրութիւններով, Լոս Անճելըսի Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինին կողմէ կազմակերպուած աշակերտական ցուցահանդէսին, պատրաստութեամբ վարժարանիս գծագրութեան ուսուցչուհի Մանուէլլա Քէօսէեանի:
Ապրիլ 23ի ամբողջ օրը տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: Առաւօտը սկսաւ աշակերտական Ս. պատարագով. պատարագիչն էր Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ Մուրատեան, որ օրուան պատշաճ քարոզով պատրաստեց աշակերտները օրուան յաջորդող ծրագիրներուն: Յետ պատարագի, վարժարանիս բակը համխմբուեցան աշակերտները եւ քար լռութեան մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին՝ ունկնդրելով հարիւր անգամ հնչող զանգակի ձայնին, որ ստեղծեց կրօնական եւ յուզիչ մթնոլորտ մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ նուիրուած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն, ինչպէս նաեւ ծաղիկներու զետեղում՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի մանրակերտին շուրջ: Այս հանդիսութեան ներկայ էին Լա Քրեսենթայի Հայ կեդրոնէն ներկայացուցիչներ, Հայ Դատի ներկայացուցիչներ եւ Կլենտէյլի, Մոնթրոզի եւ Լա Քընիատայի պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակէն ներկայացուցիչ մը եւ տեղական թերթի թղթակիցներ: Հոգեհանգիստէն ետք 5-7րդ դասարանի աշակերտները երեք լեզուներով՝ հայերէն, անգլերէն եւ սպաներէն, արտասանեցին Ուիլեըմ Սարոյեանի «Կ՛ուզէի Տեսնել» խօսքը, ապա 7րդ դասարանի աշակերտները երգեցին «Սուրբերու Աչքեր» եւ «Light the Candles» երգերը, առաւել եւս խորհրդաւոր դարձնելով մթնոլորտը:
Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշող պաշտօնական ոգեկոչում եւ գործադրուեցաւ սքանչելի յայտագիր, ներկայութեամբ՝ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներու, հիւրերու եւ աշակերտութեան: Հանդիսութիւնը իր պաշտօնական ընթացքը ստացաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով նահատակներու յիշատակին, ապա աշակերտները երգեցին Հայաստանի քայլերգն ու նահատակաց շարականը եւ ունկնդրեցին Շիֆի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ուղարկած պատգամը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէնուհի քոյր Լուսիա, որ ամփոփ կերպով նշեց պատմական իրողութիւններ, որոնց ընթացքին թուրքը գործադրեց անմարդկային ոճիր մը մեր ազգի նկատմամբ եւ տեղահան ըրաւ զայն իր պապենական հողերէն, ապա կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ տէր կանգնին իրենց պապենական հողերուն:
Օրուան հանդիսավար Լինտա Գանտիլեան հերթականութեամբ բեմ հրաւիրեց բոլոր աշակերտները, որոնք իրենց արտասանութիւններով, երգերով, ասմունքով եւ բեմադրութեամբ անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ հայ ժողովուրդը որքան ալ հեռու ըլլայ իր հողէն ու հայրենիքէն, իր նահատակներու յիշատակը անմահ պիտի պահէ մինչեւ Հայ Դատը գտնէ իր արդար լուծումը:
Հանդիսութեան առաջին բաժինով մանկապարտէզն ու նախակրթարանը մեծ ապրումով եւ առիթին պարտադրած լրջութեամբ մատուցեցին օրուան պատշաճ արտասանութիւններ եւ երգեր, որոնք ամբողջացան Լոռի Թաշճեանի կողմէ դաշնամուրի վրայ «Օրօրոցային»ի մեկնաբանութեամբ:
Երկրորդ բաժինով հանդէս եկան 5րդէն վեր բոլոր աշակերտները: Օրուան խորհուրդը ներկայացուց ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեան, երբ աշակերտներուն հեքիաթ մը պատմելով ներկայացուց հայ ժողովուրդին՝ մեր պապերու խաղաղ ապրելակեպը, իր բարեբեր հողերուն մէջ, հայ գիւղացիի աշխատասիրութիւնն ու հողի հանդէպ ունեցած պաշտամունքը եւ սերմնացանը ու արեւուն ներգործումը այդ սերմերու աճին, բայց օր մըն ալ՝ Գարուն էր ու ձիւն տեղաց… 1915ի գարունն էր. տեղացող ձիւնը մեր պապերը ցրուեց աշխարհով մէկ եւ մէկու կէս միլիոն հայ մարդ նահատակ դարձաւ: Եւ որպէսզի պատմութիւնը չշարունակուի նոյն ձեւով, Գանտիլեան շեշտեց պահանջատիրութեան գաղափարը։ Խօսքը շարունակուեցաւ մանկապարտէզի աշակերտուհի Մերի Յովակիմեանի դաշնամուրի վրայ՝ «Գարուն ա»ի նուագով եւ ամբողջացաւ 8րդ դասարանի աշակերտներուն՝ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն պարբերութիւններու ասմունքով եւ վերջ գտաւ Կոմիտասի կիսանդրիին մեխակներ զետեղելով:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ երաժշտական խօսուն ներկայացումով մը, պատրաստութեամբ վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի, որ իր երաժշտական փորձառութեամբ, կարողութիւններով ու հմտութեամբ բեմահարթակ բերաւ միջնակարգի աղջիկները, որպէս ֆէտայիներու մայրեր։ Անոնք երգեցին «Զարթիր Լաօ», ապա անոնց միացան զինուորական տարազով վարժարանիս մէջ երկու եղբայր եղած աշակերտները մեկնաբանելով «Աղբերս ու Ես» երգը, որմէ ետք պատկերը ամբողջացաւ «Չեմ Մոռանայ» երգի խմբային աշխոյժ երգեցողութեամբ եւ 5րդ դասարանէն Կալիա Օտապաշեանի մեներգով:
Հանդիսութեան վերջաւորութիւնը շատ տպաւորիչ էր, 8րդ դասարանի ներկայացուցած պատկերով, որ հայերէնի ուսուցչուհին աշակերտներու հետ միասնաբար պատրաստած էր ներկայացնելով թուրք ղեկավարի մը հոգեկան վիճակը, ի տես ջարդուած բայց յարուցեալ հայ ժողովուրդի ծաղկումին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Մենախօսութիւնը կատարեց Մեղեդի Տէր Պօղոսեան մեծ ապրումով եւ իր սքանչելի բեմական յատկութիւններով մարմնացնելով թուրքը իր ամենայն յետին մանրամասնութեամբ, որ հանդիսատեսին պարտադրեց անգամ մը եւս ըսելու՝ «Մեր ձայնը չի լռեր պիտի չլռէ, մենք արդարութիւն կը պահանջենք»։ Մեղեդիին չափ խօսուն եւ տպաւորիչ էին նաեւ միւս աղջիկները, որոնք կը ներկայացնէին հայուն ձայնը:
Հանդիսութիւնը այդ օր բաւական ուշ վերջ գտաւ, բայց ոգեկոչումը կը շարունակուէր: Յաջորդ օր, Ապրիլ 24ին, միջնակարգի բոլոր աշակերտները, վարժարանիս տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները եւ ծնողները մասնակցեցան հարիւրամեակի Պահանջատիրութեան Քայլարշաւին՝ իրենց տեղը գրաւելով Քալիֆորնիոյ հայ աշակերտութեան կողքին:
Եւ տակաւին վարժարանս այս տարուան տեւողութեան պիտի շարունակէ Ցեղասպանութեան ուղղուած բոլոր ծրագիրները, մինչեւ տարեշրջանի աւարտը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.