ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է անկուսակցական պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանի օրինագիծին՝ անհրաժեշտութեան պարագային վիրաւոր զինուորները բուժման համար արտերկիր ուղարկելու։
Թեքնիք բնոյթի վերապահութիւններով կառավարութիւնը օրինագիծը անհրաժեշտութիւն նկատած է։ Այդ մասին կառավարութեան նիստին յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
«Զինծառայողների եւ նրանց ընտանիքների սոցիալական ապահովութեան մասին» օրէնքի փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ կ՛առաջարկուի բուժումը պիւտճէին հաշուոյն կազմակերպել արտերկրի մէջ, եթէ Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ բուժումը անկարելի ըլլայ։ Պետութիւնը պէտք է ստանձնէ ոչ միայն բուժումը, այլ նաեւ զինուորին, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ անոր ընկերակցող անձին կեցութեան ծախսերը։