ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի կառավարութեան բանբեր Սթեֆան Լը Ֆոլ յայտնեց, որ Յունիս 2ին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իրաքի եւ Սուրիոյ տագնապներուն շուրջ միջազգային ժողով մը:
«Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նախարարաց խորհուրդի նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի ընդհանուր կացութեան շուրջ ժողով մը պիտի կայանայ», ըսաւ Լը Ֆոլ՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի պիտի մասնակցի ժողովին:
Սեպտեմբեր 2014ին, Փարիզի մէջ գումարուած էր նման ժողով մը, որուն մասնակցած էին 30 երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ժողովը գումարուած էր «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարելու ռազմավարութիւն մը ճշդելու նպատակով: Աւելի քան 60 երկիրներ մաս կազմեցին այս պայքարին եւ աւելի քան տասը երկիրներ կը շարունակեն մասնակցիլ նշեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան դիրքերուն դէմ օդային հարուածներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.