ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վերջին 17 տարիներուն, ամերիկացի հետազօտողները թռիչքներու կառավարման համակարգերու կայունութիւնը բարելաւելու նպատակով կ՛օգտագործեն մաթեմաթիկոս Նաիրա Յովակիմեանի հաշուարկները:
«ECN Magazin»-ի համաձայն՝ Մարտին, Յովակիմեանի հետազօտական խումբի մեթոդը Քալիֆորնիոյ օդակայաններուն մէջ յաջողութեամբ փորձարկուած է «Learjet» օդանաւերու մասնակցութեամբ:
Մեքենական ճարտարագիտութեան դասախօս եւ Իլինոյի համալսարանի գիտնական Յովակիմեան 1988ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը, ուր ան ուսումնասիրած է տեսական մեխանիկա եւ կիրառական մաթեմատիկա: Ուսումը շարունակած է Մոսկուա: 1994-1998 դասախօսած եւ աշխատած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի մէջ:
1998ին, Ճորճիայի համալսարանէն թռիչքներու կառավարման կայունութիւնը ուսումնասիրող խմբակին հետ աշխատելու դիմումին ընդառաջած է: ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու եւ NASA-ի հովանաւորութեան շնորհիւ, Յովակիմեան 2003ին դարձած է Վիրժինիայի Տեխնոլոգիական համալսարանի դասախօս: Այստեղ, այլ գիտնականներու հետ, մշակած է «L1» վերահսկողութեան տեսութիւնը, որ անսպասելի իրավիճակներու մէջ կ՛օգնէ օդաչուին վերականգնելու օդանաւի վերահսկողութիւնը:
NASA-ն այս ծրագիրը փորձարկած է տարբեր դժուար պայմաններու եւ յարձակողական գործողութիւններու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.