ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Մայիս 26ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ կռուող միջազգային դաշինքը կարիքը ունի ամրապնդուելու՝ կանխարգիլելու համար յաւելեալ ջարդերն ու երկու երկիրներուն մասնատումը: Ան քննադատեց Իրաքի կառավարութիւնը՝ ըսելով, որ Ֆրանսա անցեալ տարի «Իսլամական պետութեան» վրայ օդային հարուածներ հասցնել որոշած էր այն հիմամբ, որ Պաղտատ աւելի ներկայացուցչական կառավարութիւն մը կազմէ: «Այդ համաձայնագիրն է, որ կ՛արդարացնէ մեր զինուորական մասնակցութիւնը, եւ հոս յստակ կերպով պիտի ըսեմ, որ ատիկա աւելի լաւ ձեւով պէտք է յարգուի», ըսաւ Ֆապիւս:
Յայտնենք, որ Ֆրանսա Յունիս 2ին Փարիզի մէջ կը հիւրընկալէ 24 երկիրներու մասնակցութեամբ վեհաժողով մը՝ քննարկելու համար «Իսլամական պետութեան» դէմ ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերու ռազմավարութիւնը:
Միւս կողմէ, Իրաքի Անպար նահանգը ազատագրելու գործողութեան ծիրէն ներս, ապահովական մարմինները փակած են Ռամատիի հարաւը գտնուող մատակարարման բոլոր ճամբաները, մինչ ապահովական ուժերն ու շիի զինեալներէ բաղկացած Ժողովրդային զօրախումբը կը շարունակեն ուժ կուտակել Խալիտիա գաւառին մէջ:
Նաեւ, ապահովական աղբիւր մը սէուտական «Օքազ» թերթին յայտնած է, որ իրաքեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հարցաքննած է Անպարի շրջանի զինուորական ղեկավարներէն ոմանք՝ հիմնուելով այն տեղեկութեան վրայ, թէ անոնցմէ ոմանք գործակցած են «Իսլամական պետութեան» հետ, դիւրացնելով Ռամատիի գրաւումը։ Հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ այդ ղեկավարներէն երկուքը «Իսլամական պետութեան» հետ գործակցած են: «Էֆ.Պի.Այ.»ը այս մասին տեղեկութիւն ապահոված էր «Իսլամական պետութեան» ղեկավարներէն Ապու Սայիաֆի կնկան հետ կատարած հարցաքննութիւններնէն։ Յիշեցնենք, որ ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր Սուրիոյ մէջ գործողութիւն մը կատարելով սպաննած էին Ապու Սայիաֆը եւ անոր կինը գերեվարելով փոխադրած էին Իրաք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.