ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեան Հայաստանի եւ Արցախի շէնացումը նկատած է ամէնէն սուրբ գործերէն:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին համահայկական հիմնադրամի բարերար անդամի կոչման արժանացած Անդրանիկ Պաղտասարեան յայտնած է, որ 2014ին հիմնադրամին նուիրաբերած է շուրջ 900 հազար տոլար: Անոր համաձայն՝ սկզբնական շրջանին իր նուիրատուութիւնները այնքան ալ մեծ չէին, բայց ժամանակի ընթացքին յաջողութիւններու հասնելով իր անձնական աշխատանքին մէջ, կրցաւ աւելցնել նուիրուած գումարը:
«Միշտ այդպէս է, եթէ կու տաս, ատիկա քեզի կը վերադառնայ: Որքան նուիրատուութիւն կատարած եմ, տասնապատիկ վերադարձած է ինծի: Բայց կարեւորը ոչ թէ դրամ նուիրելն է, այլ քու երկրիդ, բանակիդ, զաւակներուդ տէր ըլլալու միտքն է, քանի որ վաղն ալ իրենք քեզի տէր պիտի ըլլան», հաստատած է Անդրանիկ Պաղտասարեան: Ան նշած է, թէ հիմնադրամին կը կատարէ նուիրատուութիւններ՝ հաւատալով, որ անոնք պիտի ծառայեն Հայաստանի եւ Արցախի համար կարեւորութիւն ունեցող ծրագիրներու իրականացման: Անդրանիկ Պաղտասարեանի դիտարկմամբ՝ դժուարը նուիրատու ըլլալու առաջին քայլն է, բայց երբ կու տաս, թէկուզ աննշան գումար մը, ու կը տեսնես կատարուած աշխատանքը, յաջորդ անգամ կը դիւրանայ նուիրատու ըլլալը: «Ասիկա պէտք է շարունակական ըլլայ: Մեր երկիրն է, ուրիշինը չէ, մեր զինուորները կը պաշտպանեն զայն: Դուրսը՝ ուրիշ աշխարհի մէջ, բան մը ունենալը աւելի լաւ չէ: Դուրսը ես մեծ գործատեղի ունիմ, ամէն օր, երբ ներս մտնեմ հոնկէ, չեմ զգար, որ իմս է: Երբ հոս գամ, իջնեմ օդանաւէն, կ՛ըսեմ՝ Սօսի՛, մեր երկիրը եկանք», ըսած է Պաղտասարեան: Ան հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայերը բաւական աշխոյժ են, եւ իւրաքանչիւր դրամահաւաքի այդ երեւոյթը նկատելի կը դառնայ:
«Մենք Գիւմրիի մէջ սկսած ենք անտուններուն տուն տրամադրելու: Երբ նախորդ տարի Լոս Անճելըսի մէջ փոքրիկ հեռուստամարաթոն կազմակերպեցինք, չէինք ակնկալեր, որ մեր նուիրատուները չեղող հազարներով պիտի գային՝ 20 տոլար ձեռքերնին: Անոնք կ՛ըսէին, որ նոյնիսկ ստացագիր չեն ուզեր, կը բաւէ, որ աշխատանքը շարունակէինք։ Երեք օր առաջ յարկաբաժիններ յանձնեցինք ժամանակաւոր տնակներու մէջ ապրողներուն: Պէտք է տեսնէիք այդ փոքրիկներուն աչուկները, այդ մայրերուն ուրախութիւնը: Փորձը ցոյց տուաւ, որ մարդիկ այս գործերուն, որոնց համար դրամ կու տան», աւելցուցած է Անդրանիկ Պաղտասարեան: Ան նկատել տուած է, որ տարուէ տարի թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Արցախը կը զարգանան, ինչ որ յաջորդ տարիներուն աւելի ակնառու պիտի ըլլայ: «Ի հարկէ, գործերու պակաս կայ, ահագին հարցեր կան, բայց վստահ եղէք, որ անկախութեան տարիներուն Հայաստանը այնքան զարգացաւ, որ յաջորդ տարիներուն աւելի մեծ ծաղկում պիտի ապրի», եզրափակած է Ա. Պաղտասարեան:
Նշենք, որ 27 Մայիսին կայացած հոգաբարձուներու եւ տեղական մարմիններու 24րդ նիստին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Անդրանիկ Պաղտասարեան Հայաստանի նախագահին կողմէ ստացաւ հիմնադրամի Նուիրատու բարերար անդամի վկայականը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.