ՍԱՆ ՔԼԱՄԵՆԹԷ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի կարօտեալ երեխաներուն եւ երիտասարդներուն ի նպաստ բարեսիրական գործունէութիւն մշակող «Մեր Տուն» կազմակերպութիւնը կոլֆի իր անդրանիկ մրցաշարք-դրամահաւաքը իրականացուց Մայիս 15ին, Ռոտ Այլընտ նահանգի Փորթսմութ քաղաքին մէջ գտնուող «Քարնըկի Էպի» ակումբին մէջ:
Մրցաշարքը նուիրուած էր «Մեր Տուն» կազմակերպութեան համահիմնադիր Ճուլի Աշըքեանի յիշատակին: Ճուլի Աշըքեան, որ մահացած էր Մայիս, 2014ին, 1988էն սկսեալ մօտաւորապէս 45 առիթներով Հայաստան այցելած էր՝ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասնցելու յատկապէս որբանոցներէն հեռացող երիտասարդներուն:
Կազմակերպութեան կոլֆի անդրանիկ մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան 45 համակիրներ, գոյացուց մօտաւորապէս 15,000 տոլարի գումար մը։
2005ին հաստատուած «Մեր Տուն»ը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է իբրեւ ոչ հասութաբեր կազմակերպութիւն, Հայաստանի մէջ կը գործէ իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն, կը շարունակէ իր աշխատանքը, համահիմնադիր Թագուհի Կարապետեանի առաջնորդութեամբ:
Կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.Mer-Doon.com կայքը, կամ դիմել՝ merdoonarmenia@gmail.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.