(Ծնեալ՝ 1953ին, Թեհրան, Իրան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, քրոջ, հարսին եւ հարազատին՝ Նոռա Սերեբրակեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Glendale Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Recessional մատրան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Ռոլանդ Սերեբրակեան
Դուստրերը՝ Թալին եւ Սքաթ Գիլմոր
Քրիստին եւ Վահէ Իսայի
Քոյրը՝ Մարինա Մարտիրոսեան
Կեսուրը՝ Ռիմա Սերեբրակեան
Տալը՝ Ռուբինա եւ Շահէն Կիւրեղեան եւ զաւակները
Խնամիները՝ Ալիս եւ Ռոբերթ Իսայի եւ դուստրը՝ Սելին
Փօլին եւ Դանիէլ Գիլմոր
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի հանգուցեալի բնակարանին մէջ:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել American Cancer Society-ին կամ American Heart Association-ին: