ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Յունիսին Շուշիի շրջանի Հին շէն գիւղին մէջ ներկայ գտնուած է «Խնոցի» արցախեան փառատօնին:
Նախագահ Սահակեան նման նախաձեռնութիւններ նկատած է ազգային աւանդոյթներու պահպանման եւ տարածման կարեւոր միջոցներէն մէկը՝ նշելով, որ փառատօները պէտք է դառնան աւանդական:
Փառատօնին կը մասնակցէին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձեր, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.