Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրամանաւ, Մայիս ամսուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ, Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Ա. հատորը:
Իր տեսակին մէջ եզակի՝ «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» տասը հատորներու վրայ սփռուած երկը, սովորական իմաստով սոսկ մատեան մը չէ, այլ տեսակ մը հրաբխային ժայթք, որ անընդհատ կը յորդի: Ի վերջոյ հոն թաղուած է մեր ժողովուրդի հարիւր տարիներու միտքը, խռովքը, տագնապը, կիրքը, ստեղծագործ ոգին, ապրուած եւ ազգային կաղապար ստացած քանի մը տասնեակ անուն հաշուող մեր գրագէտներուն կողմէ: Օշական, պաշտպանը այդ ժառանգին, ինքն իր կարգին, իր հոգիի բազմաթել յոյզերով կը հիւսէ փառքը իր ժողովուրդին, հայ հոգիին: «Իմ փառասիրութիւնը գիւտն է իմ ժողովուրդին, հայ հոգիին», կը գրէ ան իր այս ընդարձակ երկի առաջին տողերուն մէջ:
Համապատկերը 52 յաջորդական վիպակներու շարան մըն է, որոնց մէջ անխտիր, գլխաւոր հերոսը հայ ժողովուրդն է:
«Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի այս 80րդ հատորը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան՝ Վարուժան Արքեպիսկոս Հերկելեանի խմ-բագրական ժրաջան աշխատանքին արգասիքն է: